ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրը Հայաստանի մէջ է՝ հաստատակամօրէն օժանդակելու համար երկրի զարգացման: Այս մասին Երեւանի մէջ յայտարարեց ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի կառավարիչ Հելեն Քլարք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
Առաքելութիւնը իրականացնելու համար Քլարք կարեւոր նկատեց Հայաստանի կառավարութեան հետ երկրի զարգացման առաջնահերթութիւններու քննարկումը: Սարգսեան իր կարգին ընդգծեց, որ տարբեր մարզերու մէջ իրականացուած բարեփոխումներու, բազմաթիւ համայնքներու մէջ զարգացման ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ զգալի է ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի աշխատանքը:
Հելեն Քլարք շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի եւ անոր տարբեր կառոյցներու գործունէութեան Հայաստանի գործուն եւ շահագրգիռ մասնակցութեան, ներառեալ՝ կազմակերպութեան խաղաղապահ գործողութիւններուն մասնակցելու որոշման համար: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին համար Հայաստանի հանգանակութեան եւ Սուրիոյ տագնապին պատճառով այդ երկրէն Հայաստան տեղափոխուած հազարաւոր սուրիացիներու աջակցութեան, ՄԱԿ-ի նոր օրակարգի մշակման մասնակցելու Հայաստանի պատրաստակամութեան համար, որուն մասին նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին:
ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի կառավարիչ Հելեն Քլարք նաեւ տեսակցեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, որ ըսաւ. «Հայաստան բարձր կը գնահատէ ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի գործունէութիւնը եւ, մասնաւորապէս, ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի աջակցութիւնը Հայաստանի զարգացման, տարբեր մարզերու խնդիրներու լուծման ուղղուած օժանդակութիւնը»:
Քլարք իր կարգին ըսաւ, որ անցեալ տարիներուն Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը կարելիութիւն ընձեռած է մեծ ծրագիրներ իրականացնել երկրին մէջ, յառաջ մղել ՄԱԿ-ի հռչակած Հազարամեակի նպատակներու իրագործումը:
Քննարկուեցան միացեալ ջանքերով իրականացուած ծրագիրներու արդիւնքները, հետագայ ընելիքներն ու հեռանկարային նախագիծերը:
Կողմերը նաեւ անդրադարձան միջազգային հրատապ խնդիրներուն եւ անոնց լուծման հոլովոյթներուն մէջ ՄԱԿ-ի դերակատարութեան:
Անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապին՝ նախարար Նալբանդեան ըսաւ. «Ատրպէյճանական կողմը կրկին ցոյց տուաւ, որ տակաւին պատրաստ չէ հիմնախնդիրի լուծման միջազգային հանրութեան կողմէ եռանախագահներուն միջոցով ներկայացուած միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն եւ սկզբունքներուն հիման վրայ: