ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով երկօրեայ պետական այցով Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիաս երէկ կէսօրին այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը՝ Փափուլիաս ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին եւ խոնարհեցաւ յուշահամալիրի անմար կրակին մօտ։

Փափուլիասին կ'ուղեկցէին ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը։
Այցելութեան ծիրէն ներս Յունաստանի նախագահը հանդիպում կþունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ։ ՀՀ նախագահի նստավայրին մէջ նախատեսուած է հայ-յունական յարաբերութիւններու ամրապնդման ու խորացման ուղղուած փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն, որմէ ետք նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Գարոլոս Փափուլիաս մամուլի առջեւ հանդէս պիտի գան բանակցութիւններու արդիւնքներու վերաբերեալ յայտարարութեամբ։
Այցելութեան առիթով, Երեւանի մէջ տեղի կ'ունենայ երկու երկիրներու նախագահներու մասնակցութեամբ հայ-յունական գործարար համաժողով։ Նախագահ Փափուլիաս հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Հայաստանի մէջ ապրող յունական համայնքի անդամներու հետ:
Գարոլոս Փափուլիաս Հայաստանի մէջ պիտի այցելէ նաեւ «Գառնի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանը։