Աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան Չորեքշաբթի տեսակցած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտի հետ:

Ըստ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան, տեսակցութեան ընթացքին Սարգսեան անգամ մը եւս շնորհաւորած է Եակլանտը Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին վերընտրուելու առիթով եւ մաղթած նորանոր նուաճումներ այդ պատասխանատու ա- ռաքելութեան մէջ:
Սերժ Սարգսեան ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի վերջին զարգացումները: Այդ հոլովոյթին մէջ երկուստեք կարեւոր նկատուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի դերակատարութիւնը:
Կողմերը նաեւ անդրադարձած են Հայաստանի սահմանադրական բարեփոխումներու հոլովոյթին: Եակլանտ կարեւոր նկատած է հոլովոյթը եւ ատոր Վենետիկի յանձնախումբին մասնակցութիւնը: «Ան վերահաստատած է այդ հոլովոյթին Եւրոպական խորհուրդի աջակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը եւ վստահութիւն յայտնած, որ ատիկա կը նպաստէ բարեփոխումներու հոլովոյթը ա՛լ աւելի խորացնելուն»: