ԱՄՆի նորանշանակ դեսպան Ճոն Հեֆըրն Հայաստան ժամանած է եւ իր առաջին հանդիպումը
ունեցած է հայկական լրատուամիջոցներու ներկա-յացուցիչներուն հետ: Ան յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն:
«ԱՄՆ, իբրեւ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիր, ի դէմս Ռոպըրթ Պրատթքիի, պիտի շարունակէ իր աշխոյժ աշխատանքները՝ խնդիրի կարգաւորման ուղղութեամբ», ըսած է ան:
Հեֆըրն յայտնած է, թէ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի մասին իրեն տեղեկութիւններ հաղորդած է նախկին դեսպան՝ Մերի Եովանովիչ: Ան Հեֆըրնի հետ խօսած է հա-յաստանեան ներքաղաքական կեանքին մէջ նկատած յառաջընթացին մասին: Նոր դեսպանը յոյս յայտնած է, որ յառաջիկայ ընտրութիւնները Հայաստանի մէջ յաջողութեամբ կ՛ընթանան՝ համապատասխանելով միջազգային չափանիշներու:
Իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Հեֆըրն գրեթէ բառացիօրէն կրկնած է այս պաշտօնին իր թեկնածութեան հաստատման լսումներուն ընթացքին հայամէտ ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտեզի կողմէ իրեն ուղղուած հարցումին պատասխանը: Մենենտեզ հար-ցուցած էր «Ցեղասպանութիւն» բառը արտասանելու գծով Հեֆըրնի դիրքորոշումին մասին: «Հպարտ եմ այստեղ ներկայացնելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը։ Ապրիլ 24ին նախագահ Օպամա յստակ կերպով արտայայտած է Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը այդ հարցին վերաբերեալ: Հաւատարիմ եմ ու կը պաշտպանեմ այդ յայտարարութեան իւրաքանչիւր բառը եւ պիտի աշխատիմ՝ որպէս հիմք ընդունելով այդ դիրքորոշումը», ըսած է Հեֆըրն:
ԴԵՍՊԱՆ ՀԵՖԸՐՆ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐՆԵՐԸ ՅԱՆՁՆԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ
ԵՒ ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻՆ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին, երէկ իր հաւատարմագիրները յանձնեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոն Հեֆըրն:
Նախագահը յոյս յայտնեց, որ դիւանագիտական ասպարէզին մէջ իր ունեցած փորձառութեամբ դեսպանը նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու յաւելեալ խորացման: Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները լուրջ խթան կը հանդիսանան տնտեսական զարգացման, ժողովըրդավարութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ շրջա- նին մէջ կայունութեան ապահովման առումով:
«Մենք շնորհակալ ենք Միացեալ Նահանգներուն մեզի համար չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունեցող խնդիրներուն մէջ հաւասարակշիռ մօտեցման համար: Այսօր մենք մեր յարաբերութիւնները աննախադէպ կը նկատենք: Առիթէն օգտուելով կը ցանկամ գնահատանքի խօսք ըսել նախկին դեսպանին՝ Մարի Եովանովիչի կատարած լաւ աշխատանքին համար», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:
Նոր նշանակուած դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ խօսքերուն համար եւ իր կարգին ընդ-գծեց Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման ու զարգացման կարեւորութիւնը: Ճոն Հեֆըրն նշեց, որ նախագահ Պարաք Օպամա բարձր կը գնահատէ Հայաստանի վճռականութիւնը շրջանային հարցերը լուծելու ուղղութեամբ, եւ Միացեալ Նահանգներ հաստատակամ են շարունակելու Հայաստանի հետ շրջանային խնդիրները լուծելու աշխատանքը: Դեսպանը կարեւոր նկատեց նաեւ երկկողմանի տնտեսական կապերու սերտացումը եւ փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնման ուղղուած աշխատանքը:
Դեսպան Ճոն Հեֆըրն իր հաւատարմագիրերուն պատճէնը յանձնեց նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին:
Շնորհաւորելով Միացեալ Նահանգներու դեսպանը՝ Է. Նալբանդեան յաջողութիւն մաղթեց անոր եւ յոյս յայտնեց, որ դեսպանը իր գործունէութեամբ նպաստէ վերջին շրջանին միացեալ ջանքերով որակապէս նոր մակարդակի բարձրացած հայ-ամերիկեան բարեկամական գործընկերութեան յաւելեալ զարգացման եւ խորացման:
Շնորհակալութիւն յայտնելով բարեմաղթութիւններուն համար՝ դեսպան Հեֆըրն նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ համակողմանի փոխադարձ գործակցութեան զարգացումը վստահեցնելով, որ պիտի կատարէ առաւելագոյնը՝ երկկողմանի յարաբերութիւնները աւելի ամրապնդելու համար:
Նախարար Նալբանդեան եւ դեսպան Հեֆըրն զրոյց ունեցան հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն առընչուող բազմաթիւ հարցերու՝ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ Հայաստանի զարգացման ուղղուած ծրագիրներու իրականացման շուրջ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին շրջանային խնդիրներուն վերաբերեալ: