ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».¬ 9 Սեպտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշած է, որ խորհրդարանական քառեակը քայլերու պիտի ձեռնարկէ «Սահմանապահ գիւղ» հասկացութեան օրէնսդրական ամրագրման համար։ «Քառեակի նիստում մենք անդրադարձ կատարեցինք սահմանամերձ գիւղեր կատարած այցելութիւններին եւ արձանագրեցինք, որ այդ այցելութիւնները պէտք է ամփոփուեն եւ կեանքի կոչուի այն առաջարկը, որն արդէն ձեւաւորուել է՝ սահմանապահ գիւղի օրէնսդրական ամրագրումը», ըսած է ան։
Ռուստամեան ընդգծած է, որ քառեակը որոշում տուած է իր կողմէ առաջարկ պատրաստել այս նախաձեռնութիւնը մինչեւ վերջ իրականացնելու համար եւ պիտի ներկայացնէ մեծամասնութեան: «Մենք կարծում ենք, որ ճիշդ կը լինի, որ բոլոր քաղաքական ուժերը, որոնք մասնակցել են այդ այցելութիւններին, համատեղ կատարեն այս քայլը: Բայց նաեւ մենք ճիշդ ենք համարում, որ քառեակն իր կողմից այս հարցով առաջարկ ներկայացնի միւսների քննարկմանը», ըսած է ան։
Պատգամաւորը տեղեկացուցած է, որ համապատասխան նախագիծը արդէն պատրաստ է եւ յառաջիկային այդ ուղղութեամբ առաջին քայլերը պիտի առնուին։
Ռուստամեան նաեւ խօսած է «Նայիրիտ»ի հարցի հետապնդման նպատակով Ազգային ժողովի ժամանակաւոր յանձնաժողովի ստեղծման իրենց նախաձեռնութեան մասին: «Մենք համաձայնութեան եկանք այս հարցում, եւ երբ արդէն պատրաստ կը լինի համապատասխան նախագիծը, հանդէս կը գանք յանձնաժողով ստեղծելու նախաձեռնութեամբ», նշած է ան։
Ռուստամեան յիշեցուցած է, որ Դաշնակցութիւնը «Նայիրիտ»ի հարցով Ազգային ժողովի ժամանակաւոր յանձնաժողով ստեղծելու նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած էր նաեւ նախորդ նստաշրջանին ընթացքին: «Այն ժամանակ մեզ խնդրեցին սպասել, ժամանակ տալ, քանի որ «Նայիրիտ»ի հետ կապուած գործընթացներ էին տեղի ունենում, սակայն խոստացան մեզ այս հարցին կրկին անդրադառնալ աշնանը: Հիմա մենք կարծում ենք, որ եկել է ժամանակը, որպէսզի մենք կրկին բարձրացնենք այս հարցը», աւելցուցած է Ռուստամեան:
Քառեակը տէր կը կանգնի սահմանամերձ գիւղերուն եւ «Նայիրիտ»ի հարցին
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ