Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւորներու այցելութիւնը Հայաստան իր աւարտրին հասաւ։ Այդ առիթով, հայ - ֆրանսական բարեկամութեան խումբի նախագահ Ռենէ Ռուքէն՝ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումներուն, ըսաւ, որ ատրպէյճանցիները իրենց
նաֆթատոլարներուն շնորհիւ կը կարողանան միլիոններ ծախսել եւրոպական ատեաններուն մէջ եւ լոպիստական աշխատանքներ տանիլ տարբեր եւրոպական պատուիրակութիւններուն մօտ, որպէսզի հարցը լուծուի ի վնաս հայկական կողմին: «Ատրպէյճանական քայլերը մեզ կը պարտադրեն ոչ մէկ ջանք չխնայել անոնց լոպիստական գործողութիւններուն հակազդելու համար»։