ԵՐԵՒԱՆ,- Սեպտեմբեր 1ին SFPA բարեսիրական կազմակերպութեան հիմնադրութեան 25րդ տարեդարձին առթիւ Hermes նորաձեւութեան տան տնօրէն Փիեռ Ալեքսիս Տիւման Petrossian ճաշարանին մէջ ներկայացուցած է նոր Carre (քառակուսի) թիկնոցները՝ Lettres d’Erevan (Երեւանի տառերը):

Թիկնոցները կարած է Կարէն Պետրոսեանը՝ ի պատիւ Մեսրոպ Մաշտոցի: Նշենք, որ թիկնոցները շատ սահմանափակ քանակութեամբ են, եւ անոնցմէ գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի SFPA ընկերութեան հայաստանեան գրասենեակին:
Hermes նորաձեւութեան տունը արդէն երկրորդ անգամն ըլլալով կ՛աջակցի այս բարեսիրական ընկերութեան. տասը տարի առաջ անիկա ստեղծագործած էր Les Jardins d’Armenie (Հայաստանի այգիները) անուամբ վզնոցներ:
Թիկնոցները պիտի սկսին վաճառուելու Ապրիլ 2015ին եւ անոնց արժէքը պիտի ըլլայ 330 եուրօ: