Հայ Սեւ Գօտիներու Միութիւնը արդէն իսկ բոլորած է իր հիմնադրութեան 40ամեակը։ Միութիւնը սկիզբ առած է Լիբանանէն, անկէ ետք տարածուած Յունաստանի, Ֆրանսայի, Սուրիոյ, Գանատայի, Միացեալ Նահանգներու, ապա՝ Հայաստանի ու Արցախի մէջ։
Միութեան 40ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ, 2 Սեպտեմբեր 2014ին։ Այս առիթով, Արցախ ժամանած էին միութեան մարզիչները, բարերարներն ու հիւրերը՝ Լիբանանէն, Սուրիայէն, Կիպրոսէն, Ֆրանսայէն եւ Հայաստանէն։
Առաւօտեան, միութեան 100 մարզիկները, միութեան հիմնադիր Կարօ Քէպապճեանի եւ Արցախ ժամանած միութեան հիւրերուն եւ բարերարներուն ընկերակցութեամբ նախագահական պալատէն ուղղուեցան դէպի գերեզմանատուն, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ Արցախի ազատագրութեան համար զոհուած նահատակներու յիշատակին։ Ապա, միութեան Ստեփանակերտի վերանորոգուած կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ մարզական միջոցառում, որուն աւարտին առաջարկուեցաւ եւ որոշուեցաւ կրկին Արցախ գործուղել միութեան առաջին մարզիչները՝ Յարութ Ադամեան եւ Յարութ Պէրպէրեանը, մարզուող աշակերտներուն թիւը 5000ի բարձրացնելու հեռանկարով։
Յետմիջօրէին, Շուշիի «Շուշի Կրանտ Հոթէլ»ի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն, ներկայութեամբ Արցախի Վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի, պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանի, մարմնակրթութեան նախարար Ռազմիկ Յովսէփեանի եւ Շուշիի մարզպետին։
Խօսք առաւ վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, որ նշեց թէ Կարօ Քէպապճեան ոչ միայն մարզած է հայ երիտասարդները, այլ նաեւ մաս կազմած Արցախի անկախութեան բոլոր հանգրուաններուն ու իր ներդրումը ունեցած է բոլոր բնագաւառներուն մէջ՝ պատերազմական, դաստիարակչական, տնտեսական եւ մշակութային։ Ան շնորհաւորութիւններ փոխանցեց միութեան 40ամեակի առիթով, մաղթելով յաւելեալ 40 տարիներու աշխատանք, յուսալով, որ Կարօ Քէպապճեան շարունակէ առաջնորդել իր հիմնած միութիւնը։ Ան իր խօսքի աւարտին մասթըր Կարօ Քէպապճեանը պարգեւատրեց վարչապետի ոսկի մետալով։ Մարմնակրթութեան նախարար Ռազմիկ Յովսէփեան նոյնպէս յատուկ մետալով պարգեւատրեց մասթըր Կարօ Քէպապճեանը։ Ապա ընթերցուեցաւ այս առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառի շնորհաւորական նամակը։
Աւարտին խօսք առաւ միութեան հիմնադիր մասթըր Կարօ Քէպապճեան։ Ան նշեց, որ միութեան 40ամեակի տօնակատարութեան ընթացքը սկսած է Արցախէն, որովհետեւ ինք նախընտրած է ըլլալ իր ազգին, իր ժողովուրդին, իր արեան հետ։ Ան նշեց, որ Հայ Դատը անքակտելիօրէն առնչուած է Արցախի ու անոր միջազգային ճանաչման հետ։ Ան կոչ ուղղեց այս հանգրուանին Հայաստանի եւ Սփիւռքի միասնական ուժերով աշխատանք տանիլ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման համար։ Ապա, ան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ ոսկէ մետալներով եւ յատուկ նուէրներով պարգեւատրեց անցեալ շաբաթներուն Չինաստանի մէջ քոնկ ֆու-ուու շուի աշխարհի ախոյեանութեան տիրացած Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան երկու մարզիկները, իսկ արծաթէ մետալներով պարգեւատրեց երկրորդ դիրքի տիրացած մարզիկները։
4 Սեպտեմբեր 2014ին Երեւանի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախարարութեան մէջ ընդունեց Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան հիմնադիրը, մարզիչները, բարերարներ եւ հիւրեր։ Հրանոյշ Յակոբեան խօսք առնելով նշեց,- «Անգնահատելի է Կարօ Քէպապճեանի ներդրումը Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, հայի ոգին բարձր պահելու, քաջարի, անկոտրում սերունդ կրթելու գործով: Քառասուն տարի շարունակ այս ակադեմիայի մարզիկները կրցած են մրցանակներ շահիլ ու յաղթել: Հայ սեւ գոտիներու միութեան ակադեմիան հայեցի դաստիարակութեան, հայակերտման մեծ ճամբար է», հաստատեց Հրանոյշ Յակոբեան։ Ապա ան Կարօ Քէպապճեանին պարգեւատրեց նախարարութեան Ոսկի մետալով։ Կարօ Քէպապճեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, Սփիւռքի նախարարին, շեշտելով միակամ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի բարգաւաճան համար։