«Հայերն Այսօր» ելեկտրոնային կայքէջը կը հաղորդէ թէ 19-20 Սեպտեմբեր 2014ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը Երեւանի մէջ կը կազմակերպէ Հայաստան-Սփիւռք 5րդ համաժողովը, որուն պիտի մասնակցին համահայկական կառոյցներու ղեկավարներ եւ անդամներ, լրագրողներ, մշակոյթի,
կրթութեան գործիչներ, գործարարներ եւ հոգեւոր դասի շուրջ 700 ներկայացուցիչներ՝ աւելի քան 60 երկիրներէ։
Համաժողովին ներկայ պիտի ըլլան Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պետական բարձրաստիճան այրեր եւ հոգեւոր առաջնորդներ:
Համաժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ համազգային առաջնահերթութիւններու վերանայման, ամբողջացման եւ հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան հեռանըկարներուն առնչուող հարցեր:
Համաժողովի ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ «Հայոց Ցեղասպանութիւն 100. Ճանաչումից պահանջատիրութիւն» խորագիրը կրող լրագրողներու եօթներորդ համահայկական համաժողովը, որ յագեցած պիտի ըլլայ զեկուցական տարբեր նիւթերով:
Խորհրդաժողովի աշխատանքներուն առընթերց նախատեսուած են պաշտօնական արարողութիւններ, համերգ-ներկայացումներ: