Օգոստոս 29-ին Ծաղկաձորի "Արի տուն" ճամբարին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Սփիւռքի երիտասարդներու "Արի տուն" հայրենաճանաչութեան ծրագրի 2014թ. վերջին՝ 8-րդ փուլի փակման արարողութիւնը:
2014թ. "Արի տուն" ծրագիրը ընթացաւ 8 փուլով՝ Յունիս 16-էն մինչեւ Օգոստոս 30-ը, ծրագրին մասնակցեցան 13-18 տարեկան 1071 պատանի եւ աղջիկ՝ աշխարհի 35 երկիրէ:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, մշտապէս հանդիպելով ծրագրի բոլոր փուլերու մասնակիցներուն եւ ողջունելով անոնց այցելութիւնը Հայրենիք, կարեւոր կը նկատէր այն հանգամանքը, որ Հայրենիքին մէջ գտնուելու կարճ ժամանակահատուածով աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող եւ տարբեր լեզուամշակութային արժէքներ կրող հայ պատանիներն ու աղջիկները կը հաղորդակցին հայերէնով, անոնց մէջ նկատելի կը դառնան ջերմ զգացումներ եւ ոգեւորութիւն ազգային արժէքներու՝ մեր պատմութեան, մշակոյթին, երգուպարին հանդէպ:
2014թ. ծրագրի 2-րդ փուլի մասնակիցներուն հետ հանդիպեցաւ ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան՝ կարեւոր նկատելով ծրագիրի դերը հայապահպանութեան գործին մէջ եւ վստահեցնելով, որ առաջիկային ծրագիրը առաւել կþընդլայնուի եւ կը կատարելագործուի: 2-րդ փուլը Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան իւրայատուկ խորհուրդ ունեցաւ. այս տարի առաջին անգամ ծրագրին մասնակցեցան Արցախէն 80 եւ երիտասարդական մայրաքաղաք հռչակուած Սիսիանէն 16 պատանի եւ աղջիկ:
Արիտունցիները հիւրընկալեցին նաեւ ՀՀ փոխվարչապետ, ՀՀ տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանին, Կոտայքի մարզպետ Արամ Յարութիւնեանին, Կոտայքի թեմի առաջնորդ Առաքել արքեպիսկոպոս Քարամեանին եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
2014թ. եւս սփիւռքահայ երիտասարդներուն հետ շփուելու, ճանաչողական, ուսուցողական եւ մշակութային ծրագրերուն մասնակցելու հնարաւորութիւն ունեցան նաեւ հիւրընկալած ընտանիքներու երեխաները՝ մասնակցելով ճամբարային օրերու ծրագրին:
Արիտունցիներուն հիւրընկալելու գործին մէջ մեծ աշխուժութիւն դրսեւորեցին Երեւանի Էրեբունի, Քանաքեռ-Զէյթուն, Նոր Նորք, Աջափնեակ եւ Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանները եւ երեւանամերձ՝ Արարատի, Կոտայքի, Արագածոտնի, Արմավիրի մարզերն ու գիւղական համայնքները: