25-30 Յուլիսին Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ կայացաւ մարտարուեստի քոնկ ֆու-ի աշխարհի ախոյենութիւնը եւ 37 երկիրներէ աւելի քան 3 հազար մասնակիցներու շարքին Հայ սեւ գօտիներու միութեան Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի կազմը տիրացաւ քոնկ ֆու-ի աշխարհի ախոյենութեան՝ պարտութեան մատնելով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մարզիկները:
Այս մրցոյթի մասին Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիր մասթըր Կարօ Քեպապճեան «Ազդակ»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին կըպատմէ հետեւեալը.
«Աշխարհի քոնկ ֆուի 3-րդ ախոյենութիւնն էր ասիկա: Հայաստանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն երեքական մարզիկներ գացին, ինչպէս նաեւ՝ երկու մարզիչներ: Անոնք գացին Հայաստանի անունով, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգայնօրէն ճանչցուած չէ: Հետաքրքրական է, որ հայաստանցին յաղթեց չինացիին, իսկ ղարաբաղցիին դիմացը յայտնուեցաւ ատրպէյճանցի մարզիկը, որ 37 տարեկան էր, մինչ ղարաբաղցի մեր մարզիկը 19 տարեկան էր: Ըսեմ, որ ասիկա առաջին անգամ չէ, որ մենք ազերիներուն կը յաղթենք նման մրցումներու: Մրցումէն առաջ, երբ խօսեցայ մեր մարզիկին հետ, խնդրեցի, որ ան մէկ հարուածով գետին տապալէ ազերին, որովհետեւ այդ հանգրուանին էր, որ սահմանին վրայ ատրպէյճանական կողմը ներթափանցման փորձեր կը կատարէր, զինադադարը կը խախտէր: Ըսի ղարաբաղցի մարզիկին, որ տակաւին մեր տղոց արիւնը տաք է, ուրեմն դուն պէտք է տապալես ազերին. ան խոստացաւ եւ այդպէս ալ եղաւ, մէկ հարուածով ազերի ախոյեանը գետին ինկաւ, ճիշդ այդ պահուն հայ մարզիկները հարթակին վրայ Լեռնային Ղարաբաղի դրօշակը պարզեցին՝ գրաւելով բոլորին ուշադրութիւնը»:
Նշենք, որ Հայ սեւ գօտիներու միութիւնը (ՀՍԳՄ) հիմնադրուած է Մասթըր Կարօ Քէպապճեանի կողմէ 1974 թուականին, Լիբանանի մէջ։ Միութիւնը այս տարի պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 40-ամեակը:
Պէյճինկի մէջ կայացած քոնկ¬ֆուի աշխարհի ախոյենութեան Հայ սեւ գօտիներու միութեան մարզիկները ախոյեան
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ