Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ երէկուան զրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանի համար «արտաքին ոչ մէկ վտանգաւոր զարգացում կայ»: Նալբանդեան խորհրդարանին մէջ կը մասնակցէր արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած դռնփակ քննարկման՝ «արտաքին քաղաքականութեան առնչուող տարբեր խնդիրներու շուրջ»:
Քննարկումէն ետք նախարար Նալբանդեան եւ պատգամաւորները մերժեցին բացայայտել շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած քննարկման բովանդակութիւնը: Խորհրդարանականները միայն կը նշէին, որ քննարկուած են Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առնչուող տարբեր հարցեր:
Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի աղբիւրներուն, մէկուկէս ժամուան ընթացքին արտաքին գործոց նախարարը պատասխանած է միայն չորս հարցումի:
Նալբանդեան. «Հայաստանի Համար Արտաքին Վտանգաւոր Զարգացում Չկայ»
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ