Ուշի շրջանին մէջ առկայ հարցերէն մէկուն‘ ըմպելի ջուրի մատակարարման համակարգի նորացման համար, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի անձնական միջոցներէն յատկացուած է 16 միլիոն դրամ: Կամաւոր կերպով հայրենակիցներուն օգտակար ըլլալու մօտեցումը աշխատավայրին մէջ անձնական օրինակով առաջնորդելու լաւագոյն տարբերակներէն է: Այս ներդրման շնորհիւ փոխուած է աւելի քան 1600 մեթր երկարութիւն ունեցող մայր ջրագիծը: Այս ծրագիրը օգտակար պիտի ըլլայ 650 ընտանիքի կացութեան բարելաւման:
Գիւղի ըմպելի ջուրի մատակարարման համակարգը կառուցուած է 90-ականներուն: Նիւթականի չգոյութեան պատճառով համակարգին նորոգութիւնը կարելի չէ եղած տարիներ շարունակ: Մայր ջրատարը ենթարկուած է միայն մասնակի վերանորոգման: Անձրեւներն ու ժամանակը իրենց անդրադարձը ունեցած են խողովակներուն վրայ, որոնք մեծամասնութեամբ քայքայուած են: Ռալֆ Եիրիկեանի դրսեւորած պատրաստակամութիւնն ու նոր համակարգի կառուցման կարելիութիւնը ոգեւորած են բնակիչները: Ամրան երկրորդ կիսուն մեկնարկած շինարարական աշխատանքներուն աշխուժ կերպով մասնակցած են ուշեցիները:
Բնակիչներուն մեծ մասին նախնիները, ի դէպ, այդ շրջանին մէջ հաստատուած են գաղթելով Արեւմտեան Հայաստանէն, որուն տարբեր նահանգներէն հարուստ մշակոյթ ժառանգած համագիւղացիները կարեւոր ձեռքբերում կը նկատեն նաեւ գիւղի մշակոյթի տան վերակառուցումը: Շէնքը կը ծառայէ որպէս գիւղապետարան, մշակոյթի տուն եւ գրադարան: Հոն կը գտնուի նաեւ նամակատան ծառայութեան գրասենեակը: Նախապէս աւերակներ յիշեցնող շէնքը ամբողջութեամբ վերափոխուած է: Ռալֆ Եիրիկեան միացած է նաեւ քանատահայ հայրենակից Մարգար Շարապխանեանի նախաձեռնութեան եւ շուրջ 12 միլիոն դրամ յատկացուցած է մշակոյթի տան վերանորոգման համար:
«Ուշիի մէջ վաղուց հաստատուած մեր հայրենակիցները «էրկրի» շէնացման երազը իրականութիւն կը դարձնեն հոս: Փոքրիկ Արեւմտահայաստան յիշեցնող այս գիւղը ուշագրաւ է իր բնակչութեան կազմով: Շատ կարեւոր է անոնց կողքին ըլլալը: Առհասարակ իրարու աջակցիլը մեր ազգային բնաւորութեան դրական գիծերէն է: Ատոր շնորհիւ նաեւ‘ հայը կը շարունակէ ապրիլ ու ապրեցնել հայրենիքը», ըսած է Ռալֆ Եիրիկեան:
Ուշիի Մէջ 90-Ականներէն Օգտագործուող Ըմպելի Ջուրի Մատակարարման Համակարգը Փոխուած Է
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ