Շամշադինի մեղրի ու պտուղներու փառատօնի կազմակերպիչները համոզ-ւած են, որ փառատօնը ինքզինք հաստատած է եւ ամէն տարի կը խորանայ: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է «Տաւուշի հոգեւոր վերածնունդ» հիմնարկի տնօրէն Հայկ Չոբանեանը

Բերդի Սորանի այգիին մէջ կայացած Շամշադինի մեղրի ու հատապտուղներու փառատօնին ընթացքին: «Այն ոգեւորութիւնը, որ տեսնում ենք փառատօնի մասնակիցների ու այցելուների մօտ, ցոյց է տալիս, որ փառատօնը շատ անհրաժեշտ է այս տարածաշրջանին: Այն լիցքեր է տալիս մարդկանց՝ ցոյց տալու, որ իրենք ամուր կառչած են իրենց հողին: Ես համոզուած եմ, որ դեռ բազմաթիւ սերունդներ ամէն տարի կը նշեն Հայաստանի ամենահամեղ ու ամենաոգեղէն տօնը՝ մեղրի ու հատապտուղների օրը», դիտել տուած է Չոբանեան:

Ան աւելցուցած է, որ փառատօնը նաեւ ունի տնտեսական մեծ նշանակութիւն տարածաշրջանին համար, եւ որոշակի արդիւնքներ արդէն շօշափելի են: «Մեր նպատակն է, որ տարածաշրջանում խրախուսենք մի շարք աւանդական մշակաբոյսերի արտադրութիւնը, խթանենք արտադրութիւնը, որոնցից մէկը մեղուաբուծութիւնն է՝ այս տարածաշրջանին շատ բնորոշ: Հարուստ բնութիւնը թոյլ է տալիս, որ այստեղ ոչ միայն լինի համեղ մեղր, այլ մեծացուի արտադրութիւնը: Երեք տարիների մեր առաջընթացն այն է, որ ամէն տարի ունեցել ենք մեղուապահների թուի աւելացում փառատօնի շրջանակներում: Իսկ այսօր արդէն ունենք շատ աւելի համեղ ու ներկայանալի մեղր, քան երեք տարի առաջ», յայտնած է հիմնարկի տնօրէնը:
Կարեւոր նկատելով նաեւ այն, որ տարածաշրջանը հարուստ է տարբեր հատապըտուղներով՝ Հայկ Չոբանեան դիտել տուած է, որ պէտք է այդ ներուժը եւս օգտագործել: «Ինչպէս գիտէք, այստեղ շատ են անտառային տարածքները, ինչը մեծ հարստութիւն է, սակայն ամբողջովին չի օգտագործւում: Մեր նպատակն է իրացնել նաեւ այդ խոշոր տնտեսական ներուժը: Այսօր մենք ունենք մի քանի կազմակերպութիւններ, ունենք նաեւ մի քանի տասնեակ տը-նայնագործական արտադրութիւններ, որոնք եւս շատ կարեւոր են», հաստատած է ան:
Ըստ անոր՝ փառատօնին թէեւ կը մասնակցին մեծ մասամբ շամշադինցիները, սակայն կան նաեւ հրաւիրեալ կազմակերպութիւններ։
Բերդ քաղաքին մէջ գործող ասմունքի խմբակի անդամները եւս իրենց մասնակցութիւնը բերած են փառատօնին, ուր տաղաւարներ ունին նաեւ Բերդի կիներն ու ձեռագործներ պատրաստող երիտա- սարդները։
Նկատի ունենալով, որ փառատօնը զուգադիպած էր Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Աստուածածնի վերափոխման տօնին, նաեւ կատարուած է խաղողօրհնէք: