Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ, Չորեքշաբթի, 22  Յունիսին, Սթարզպուրկի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպայի խորհրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) լիագումար նիստին, ուր ան հանդէս եկաւ հանգամանաւոր ելոյթով


«Դժուար է վստահաբար ըսել, որ Յունիս 25ին, Քազանի մէջ կը հասնինք դրական արդիւնքի, բայց Մինսկի խումբի ձեւաչափը խնդրի լուծման համար լաւագոյն ձեւաչափն է:

Հայաստանն ու Ղարաբաղը խորապէս շահագրգռուած են խնդրի կարգաւորմամբ: Փաստաթուղթը, որ պիտի քննարկուի Քազանի մէջ, աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր կը պատրաստուէր. սկզբունքները քննարկուեցան տարբեր հանդիպումներու ժամանակ: Այն գուցէ հայկական կողմէ երազած փաստաթուղթը չէ, բայց հնարաւորութիւն կուտայ սկսելու ստորագրման գործընթացը: Աթէ Ատրպէյճանը հանդէս բերէ կառուցողական մօտեցում, ապա կարելի է սպասել դրական արդիւնք», դիտել տուած է ՀՀ նախագահը, անդրադառնալով Քազանի հանդիպման վերաբերեալ Մինսկի խումբի եռանախագահներու լաւատես կեցուածքին:

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նիստին ընթացքին շուրջ մէկ ժամ տեւած ելոյթին եւ հարցում-պատասխանին ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ ղարաբաղեան խնդիրի լուծման, Քազանի մէջ 24 Յունիսին տեղի ունենալիք հանդիպման, Հայաստանի մէջ արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու կարելիութեան, 2008 թուականի յետընտրական արիւնոտ իրադարձութիւններու նախաքննութեան, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ այլ հարցերուն:
Նախագահի խօսքը կը հրատարակենք ամբողջութեամբ մեր վաղուան թիւով:

г۳ëï³ÝÇ Ý³Ë³·³Ñ ê»ñÅ ê³ñ·ë»³Ý »ñ¿Ï« âáñ»ùß³µÃÇ« 22  ÚáõÝÇëÇÝ« êóñ½åáõñÏÇ Ù¿ç Ù³ëݳÏó»ó³õ ºõñáå³ÛÇ ËáñÑñ¹Ç ËáñÑñ¹³ñ³Ý³Ï³Ý í»Ñ³ÅáÕáíÇ (ºÊÊì) Édz·áõÙ³ñ ÝÇëïÇÝ« áõñ ³Ý ѳݹ¿ë »Ï³õ ѳݷ³Ù³Ý³õáñ »ÉáÛÃáí