Յուլիս 30ին Ծիծեռնակաբերդ բարձրացաւ Գանատայի աշխատանքի եւ ընկերային զարգացման, մշակութային բազմազանութեան նախարար, համայնքներու պալատի անդամ Ճէյսըն Քենիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Նախարար Ճէյսըն Քենի ծաղկեպսակ զետեղեց Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշարձանին առջեւ, այնուհետեւ պատուիրակութեան բոլոր անդամները ծաղիկներ զետեղեցին Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին շուրջ, եւ մէկ վայրկեանի լռութեամբ յարգեցին անմեղ զոհերու յիշատակը: Հիւրերը շրջեցան Յուշապատին մօտ, ապա դիտեցին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի ցուցադրութիւնը:

Գանատայի նախարարի հանդիպումները

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնեց գանատացի նախարարին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով իր ներդրումին համար

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Յուլիս 30-ին ընդունեց Գանատայի նախարար եւ խորհրդարանի անդամ Ճէյսըն Քէնիին:
Հանդիպման ընթացքին, նախագահ Սարգսեան յայտնած է, թէ գանատացի նախարարը իր անկեղծ եւ հետեւողական աշխատանքով իր ուրոյն նպաստը կը բերէ հայ-գանատական բարեկամութեան ամրապնդման գծով։
Երկու կողմերը բարձր գնահատած են նաեւ հայ-գանատական միջպետական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը, որուն հիմքը, զրուցակիցներուն համոզումով, երկու ժողովուրդներու քրիստոնէական արժեհամակարգի ընդհանրութիւններն են:
Ճէյսըն Քէնին նշած է, թէ այս այցելութիւնը երկկողմ յարաբերութիւնները ամրապնդելու, համագործակցութիւնը զարգացնելու եւ առեւտրատնտեսական կապերը խթանելու պատրաստակամութեան վկայութիւնն է:
Հանդիպման ժամանակ Նախագահ Սերժ Սարգսեանը երախտագիտութիւն յայտնած է Գանատայի իշխանութիւններուն՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու, հայ ժողովուրդի համար սկզբունքային նշանակութիւն ունեցող այդ հարցին վերաբերեալ յստակ դիրքորոշում արտայայտելու համար: Այս ծիրէն ներս, նախագահ Սարգսեան ընդգծած է Ճէյսըն Քէնիի անձնական մեծ ներդրումը եւս: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ գանտահայ գաղութին նկատմամբ Գանատայի մէջ ցուցաբերուող ջերմ վերաբերմունքին համար:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է տարածաշրջանային շարք մը խնդիրներու մասին:
Նշենք, որ նախարար Քէնի հանդիպումներ ունեցաւ ՀՀ վարչապետին, արտաքին գործոց նախարարին եւ Սփիւռքի նախարարին հետ։