Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ պատմութեան ինստիտուտի Հայկական հարցի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան բաժնի վարիչ Արմէն Մարուքեանը շուրջ 7 տարի ուսումնասիրած  է Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման եւ   հատուցմանն առնչվող պատմական

փաստերը, համադրելով  անոնք միջազգային իրաւական նորմերու ու սկզբունքներուն  հետ: Գիտնականը ուսումնասիրած  է Ցեղասպանութենէն  առաջ ու յետոյ գործող  միջազգային իրաւական համակարգերը, ինչ որ  կարեւոր է հասկնալու համար, թէ կատարւած իրադարձութիւնները ո՞ր յատկանիշներով յանցագործութիւն կը կազմեն, նոյնիսկ անկախ ցեղասպանութիւն  եզրոյթի առկայութեամբ: Իր հետազօտութիւններուն մէջ հեղինակը արծարծած  է  պահանջատիրութեան ճանապարհին առկայ  խոչընդոտները, ինչպէս եւ անոնց յաղթահարման ուղիներն ու հնարաւորութիւնները, հիմնուելով պատմական փաստերու ու միջազգային իրաւական սկզբունքներուն  վրայ:
Արմէն Մարուքեան յառաջ մղած է նաեւ  շարք մը հայեցակարգային նոր առաջարկներ ու մօտեցումներ: Մասնաւորապէս, հեղինակը կÿընդգծէ թէ  տուեալ հարցը այսօր վերաձեւակերպման կարիք ունի՝ Մեծ Եղեռնի միջազգային ճանաչումով  եւ անոր  հետեւանքներու  յաղթահարումով, որը անպայման կը նախատեսէ հատուցում եւ  պահանջատիրութիւն, քանի որ  առկայ են բոլոր պատմա- իրաւական հիմքերը հարցի լուծումը իրաւական դաշտ տեղափոխելու համար:
Գիրքը խմբագրած  է ԳԱԱ Պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը: Ցեղասպանոութեան հարցի վերաբերեալ շատ գիրքեր հրատարակուած են անշուշտ, բայց Մարուքեանի գիրքը ունի հարցի լուծման նոր մօտեցումներ ու նոր առաջարկներ: Ինստիտուտի տնօրէնը կը հաւատայ թէ  ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը արդիւնաւէտ կÿըլլայ  պահանջատիրութեան հարցի  արծարծումով:  
Գիրքը չի վաճառուիր, այլ կը տարածուի սփիւռքի եւ  Հայաստանի մէջ ու կը տրամադրուի   ուսանողներուն, պատմաբաններուն ու ցեղասպանագէտներուն:
Գիրքը լոյս  տեսած է հայերէնով, բայց  ունի ընդարձակ ռուսերէն վերջաբան: