ԵՐԵՒԱՆ.¬ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը 23 Յուլիսին՝ ժամը 19:00ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երա- ժըշտանոցին յարող այգիին մէջ կազմակերպած է յուշ¬երեկոյ՝ նուիրուած Լիզպոնի հինգ մարտիկներուն:
«Հայ Յեղափոխական Բանակ»ի 5 լիբանանահայ երիտասարդներ՝ Սեդրակը, Վաչէն, Սարգիսը, Սիմոնն ու Արան՝ գիտակցելով, որ միայն դիւանագիտական ուղի- ներով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը առաջ մղելու ջանքերը կը մնան ապարդիւն, համաշխարահային հանրութիւնը անգամ մը եւս Հայ Դատի մասին յիշեցնելու նպատակով դիմեցին անձնազոհութեան եւ 27 Յուլիսի 1983ին պաշարեցին Փորթուկալի Լիզպոն մայրաքաղաքին մէջ գտնուող թուրքական դեսպանատունը: Այս քայլը քանդեց լռութեան պատնէշը եւ աշխարհը սկսաւ խօսիլ  Հայկական Հարցին մասին:
Ամէն տարի 27 Յուլիսին դաշնակցական երիտասարդները՝ Լիզպոնի հինգ հերոսներուն յիշատակը վառ պահելու եւ հասարակութիւնը իրազեկելու նպատակով աշխարհով մէկ կը կազմակերպեն յուշ-երեկոներ, ժապաւէնի ցուցադրութիւն եւ այլ նախաձեռնութիւններ։


Կոչ՝ Լիզպոնի հինգին Հայաստանի կողմէ հերոսի կոչում տալու

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».¬ «Հայաստանի իշխանութիւնները Լիսաբոնեան հնգեակի մասնակիցներին դեռ եւս հերոսի կոչում չեն տուել», ըսած է պատմաբան Սիմոն Սաֆարեան 25 Յուլիսին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Անոր համաձայն՝ Փորթուկալի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած գործողութենէն աւելի քան 30 տարի ետք «Հայ յեղափոխական բանակ»ի 5 մարտիկները՝ Վաչէ Տաղլեանը, Սեդրակ Աճէմեանը, Սարգիս Աբրահամեանը, Սիմոն Եահնէեանը, Արա Գըրճլեանը տակաւին ըստ արժանւոյն չեն գնահատուած:
Ասուլիսի միւս մասնակիցը՝ բեմադրիչ, բեմագիր, Ղարաբաղեան պատերազմի մասնակից Սամուէլ Թադեւոսեանը ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ միջազգային հանրութիւնը հնգեակը կը կոչէ «ահաբեկիչներ», իսկ կատարուածը՝ «ահաբեկչական գործողութիւն»: Սակայն, Թադեւոսեանի համաձայն՝ ասիկա սխալ սահմանում է, քանի որ գործողութեան դրդապատճառը եղած է ազնիւ եւ բարոյական, իսկ իրենք՝ մասնակիցները իրենց կեանքը զոհած են՝ ոչ ոքի վը-նաս պատճառելով։ «Եւ նրանց գործունէութեան օբյեկտիւ գնահատականը հայ ժողովրդի սրբազան պարտքերից մէկն է», եզրափակած է Թադեւոսեան:

Լիբանան
Լիզպոնի հինգ հերոս տղոց յիշատակի ոգեկոչում

Շաբաթ, 26 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս եկաւ խոնարհելու վեհութեան ու օրինակելիութեան առջեւ Սիմոնի, Սագոյի, Վաչէի, Արայի կամ Սեդրակի, որոնք իրենց հայավայել արարքով եւ նահատակութեամբ 31 տարի առաջ փաստեցին, որ միայն իրենց նման հերոսները կրնան զինուիլ այդքան մեծ հաւատքով ու յանդգնութեամբ՝ իրենց կեանքերը ազգին ու Դատին մատաղ ընելու, միայն իրենց նման հինգ արեւները կրնան ամէն ինչ իրենց ետին ձգել ու բարձրանալ, բարձրանալ ու իրենց հետ բարձրացնել ազգ մը ամբողջ, Դատ մը‘ ոտնակոխուած եւ իրաւունքներ խլուած:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած Լիզպոնի հինգ տղոց նահատակութեան 31-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին սկիզբը ներկաները անոնց շիրիմին վրայ զետեղեցին ծաղիկներ եւ վառեցին մոմեր‘ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու համար նահատակ հինգ հերոսներուն յիշատակին: Ապա, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ անոնց անմահ հոգիներուն համար:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Գօգօ Յակոբեան, որ յայտնեց, թէ 5 տղոց նահատակութիւնը Հայ դատի աշխատանքները, այդ դատին ձայնն ու պահանջատիրական կոչերը լսելի դարձուց համայն աշխարհին, մեր դատը միջազգային բեմին վրայ մեծ արձագանգ ունեցաւ: Ան դիտել տուաւ, թէ 5 հերոսներուն նահատա- կութիւնը փաստեց, որ Հայ դատի աշխատանքները կարիքը ունին լուրջ ու կազմակերպուած քայլերու եւ մակերեսային մօտեցումով մեր իրաւունքներուն պիտի չհասնինք: Այսպիսով, այս գործողութիւնը ունեցաւ նաեւ դաստիարակիչ բնոյթ:
Ապա Ալինա Քէօշկերեան ասմունքեց «Լիզպոնի ողջակէզներին» քերթուածը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Վարդգէս Խօշեան, որ նախ շնորհաւորեց 5 տղոց ծնողները, որոնք ծնած էին այսպիսի հերոսներ, որոնք մարմնաւորեցին հերոսութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ 31 տարի առաջ իրենց կեանքով աշխարհը թնդացուցած Սագոն, Սիմոնը, Արան, Վաչէն եւ Սեդրակը հանդիսացան այնպիսի անբիծ ատրուշաններ, որոնցմէ բարձրացող լոյսով պայծառացաւ մեր նորագոյն պատմութիւնը: Բանախօսը շեշտեց, որ կեանքի մէջ հերոսներ են անոնք, որոնք ո՛չ միայն տուեալ պահուն արարք մը կը կատարեն, այլ այդ արարքով յաւերժականութեան կը հասնին՝ աւելցնելով, թէ 5 տղաքը արժանի հերոսներ են: Իր խօսքը եզրափակելով՝ Վարդգէս Խօշեան շեշտեց, որ հայ երիտասարդը այսօր պէտք է կառչի հայկական արժէքներուն, ազգային նպատակներուն, անբիծ պահէ զանոնք, որպէսզի արժանի ըլլայ Լիզպոնի տղաք ծնած ժողովուրդի զաւակը ըլլալու: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի»ով: