Բազմաթիւ կիւմրեցիներ վստահ էին որ 1988-ի երկրաշարժէն ետք Գիւմրիի վերականգնումը պիտի նշանաւորուի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ վերականգնումով։ Այդ պատճառով է որ խաչերու օծումը տօնական տրամադրութիւն ստեղծած էր գիւմրեցիներուն, բոլորը բերելով եկեղեցւոյ յարակից տարածք։
Վերանորոգութենէն ետք, Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեանի ձեռամբ օծուեցան Գիւմրիի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ խաչերը։ Սրբալոյս միւռոնով ու գինիով, ինչպէս նաեւ աղօթքներով ու օրհնութեամբ օծուելէ ետք, խաչերը բարձրացուեցան ու զետեղուեցան վերանորոգեալ եկեղեցւոյ վրայ։
Բազմաթիւ գիւմրեցիներ վստահ էին որ 1988-ի երկրաշարժէն ետք Գիւմրիի վերականգնումը պիտի նշանաւորուի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ վերականգնումով։ Այդ պատճառով է որ խաչերու օծումը տօնական տրամադրութիւն ստեղծած էր կիւմրեցիներուն, բոլորը բերելով եկեղեցւոյ յարակից տարածք։
Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին Գիւմրիի խորհրդանիշներէն մէկն է, կառուցուած է 1860-ականներուն, ունի աւելի քան 36 մեթր բարձրութիւն (առանց գմբէթի)։ Եկեղեցւոյ ճարտարապետն է Թադէոս Անթիքեան։ Եկեղեցիին Խորհրդային տարիներուն ծառայած է որպէս ֆիլհարմոնիքի դահլիճ։ Եկեղեցին կառուցուած է Անիի մայր տաճարի օրինակով եւ կþըսեն որ վարպետը ամէն անգամ քար մը դրած ատեն, կառքով գացած է Անի, ետ եկած ու շարունակած է շինութիւնը. եկեղեցին կառուցուած է քար առ քար։ Կարգ մը աղբիւրներու պնդումով, եկեղեցւոյ շինութեան համար ծախսուած է 60 հազար ռուսական ոսկի, եղած են նաեւ հանգանակութիւններ, իսկ գիւմրեցիներ աշխատած են անվարձահատոյց կերպով։ Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ խաչը նախապէս փայտեայ էր։ 1988-ի երկրաշարժի հետեւանքով եկեղեցին մասամբ փլած էր։ Եկեղեցին վերականգնելու աշխատանքները սկսան նախ հանգանակութիւններով, ապա հաստատուեցաւ «Ամենա- փրկիչ» հիմնադրամը։
Հաշուի առնելով եկեղեցւոյ բարձրութիւնը, վերականգնողական աշխաանքներու ամենաերկարատեւ ու դժուար գնացքը կապուած էր գմբէթի հետ։ Ս. Ամենափրկիչը վերականգնելու աշխատանքները իրականացան՝ պահպանելով եկեղեցւոյ ճարտարապետական նախկին դիմագիծը, գործածելով եկեղեցւոյ հին քարերը, սակայն ամրութեան համար աւելցուեցան մետաղեայ կառոյցներ։
2002-ին վերականգնողական աշխատանքներու նիւթական հիմնական բեռը իր վրայ առած էր Գիւմրիի նախկին քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանն ու Ղուկասեան ընտանիքը։ Վերջիններու նիւթական միջոցներով ո՛չ միայն վերանորոգուեցաւ եկեղեցին, այլ նաեւ խաչը։ Ի դէպ, խաչի հետ միասին եկեղեցին պիտի ունենայ 47 մեթր բարձրութիւն։