«Վերջին տարիներուն զինեալ ուժերուն մէջ սահմանային բոլոր հատուածներուն մէջ հակահետախուզական միջոցառումներու իրականացման ուղղութեամբ բաւական լուրջ աշխատանք տարուած է, անձնակազմի պատրաստութեան զուգահեռ մշակուած է ճարտարագիտական սարքաւորումներու համապատասխան համակարգ,

որ կարելիութիւն կու տայ կանխելու հետախուզական թափանցման փորձերը», հարցազրոյցի մը ընթացքին երէկ ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան՝ խօսելով սահմաններու անվտանգութեան մասին:

Ըստ նախարար Օհանեանի, որպէսզի այսպէս, համակարգային եւ հեռանկարային առումով, ճարտարագիտական միջոցները ամբողջութեամբ տեղադրուին առաջին գիծին վրայ, պէտք է նախ յստակացուին բոլոր սահմանները, որովհետեւ անոնք բաւական թանկարժէք միջոցներ են, եւ անոնց տեղադրումը, մանաւանդ այսօրուան իրականութեան մէջ, երբ խախտումները միշտ կ՛ըլլան եւ լարուածութիւն կայ առաջին գիծին վրայ, այդ կարելիութիւնները մենք այսօր չունինք:
«Սարքերը կարելի կ՛ըլլայ տեղադրել սահմանային առաջին գիծին վրայ այն հատուածներուն մէջ, ուր չկայ հակառակորդի անմիջական ազդեցութիւնը եւ ուր դիրքերը իրարմէ հեռու են», ըսաւ Օհանեան: Պաշտպանութեան նախարարը նշեց, որ այսօր փորձարկումներու հանգրուանի մէջ են սահմանային անվտանգութեան Հայաստանի մէջ պատրաստուած սարքեր: «Անկասկած, կը գործակցինք բոլոր այն կառոյցներուն հետ, որոնք կա՛մ առաջարկներ կ՛ընեն, կա՛մ նաեւ մեր պատուէրները կը կատարեն, յատկապէս տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզի հիմնարկներուն հետ կը գործակցինք», ընդգծեց նախարար Օհանեան: