Բերձորի եւ Կովսականի մէջ սկսած են Լիբանանի ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպած ամառնային բանակում-ճամբարները:

Արդէն 10 տարի է որ Զաւարեանականները «Քաշաթաղը իմ հայրենիքն է» ծրագրով հանդէս կուգան նման նախաձեռնութեամբ՝ ճամբարներ կազմակերպելով Արցախի Քաշաթաղի շրջանէն ներս:
Այս տարի ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը ճամբարներ կազմակերպած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կոտայքի մարզէն ներս:
Ինչպէս Aparaj.am-ին տեղեկացուց Լիբանանէն ժամանած խումբի պատասխանատու Արա Քասաբեանը Բերձորի թիւ 2 դպրոցին մէջ կազմակերպուող ճամբարին կը մասնակցին 8-18 տարեկան մօտ 60 երեխաներ եւ պատանիներ:
Ան նշեց նաեւ, որ Զաւարեանականները ճամբար կը կազմակերպեն նաեւ Կովսականի մէջ, ուր մասնակցութիւն կը բերեն մօտ 70 երեխաներ եւ պատանիներ:
Խօսելով ճամբարներու նպատակներուն մասին կազմակերպիչները նշեցին, որ ծրագիրը շատ լայն է՝ սկսած ուրախ ժամանցէ, խաղերու կազմակերպումէ մինչեւ դաստիարակչական աշխատանքներ: Բերձորի ու Կովսականի երեխաներն ու պատանիները ուրախ ժամանց պիտի ունենան Զաւարեանականներուն հետ: