Ուրբաթ, 11 Յուլիսին Քարվաճառի մէջ հակառակորդի հետախուզական խումբի չէզոքացման ժամանակ հայ զինւորները ոչնչացուցած են մէկ ատրպէյճանցի հետախոյզ եւս, սակայն գործողութեան ընթացքին զոհուած է 1972-ի ծնունդ հայ սպայ Սարգիս Աբրահամեան եւ վիրաւորուած է 1977-ի ծնունդ Կարինէ Դաւթեան:
Այս մասին Եղեգնաձոր քաղաքին մէջ 4-րդ բանակային զօրամասի հիմնադրութեան 17-ամեակին նուիրւած զօրահանդէսին ընթացքին յայտնած է պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան: Տեղեկութիւնը փոխանցած է պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան՝ «ֆէյսպուք»ի իր էջին միջոցով:
Դէպքին պատճառով վիրաւորուած Կարինէ Դաւթեանի առողջական վիճակը կայուն ծանր է՝ դրական նախանշաններով. ան կը գտնուի Մուրացանի հիւանդանոցին մէջ: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեանը:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, «Պաշտպանութեան բանակի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներուն կողմէ ձեռնարկուած յատուկ գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք յայտնաբերուած են նաեւ խումբի այլ անդամներ, որոնցմէ մէկը դիմադրած է եւ սպաննուած: Ցաւօք, հակառակորդի խումբէն արձակուած փամփուշտէն հայկական ուժերը կորսնցուցած են մէկ սպայ«:

 

Պաքու Ատրպէյճանցի գերի հետախոյզին հարցով
դիմած է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Պաքուն Կուլիեւ Շահպազ- Ճալալօղլուի մասին տեղեկութիւն ստանալու համար դիմած է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին:
Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Պաքուի գրասենեակի մամլոյ ծառայութեան պատասխանատու Իլահա Եուսէյնովան ըսած է, որ դիմած են գրասենեակին, որպէսզի միջազգային կազմակերպութիւնը այցելէ գերի ինկած քաղաքացիին, հետաքրքրուի անոր պայմաններով եւ կապ հաստատէ ընտանիքին հետ: Նշենք, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ձերբակալուած Շահպազ Կուլիեւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն մաս չի կազմեր: