Յուլիս 14-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան՝ Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» 2014թ ծրագրի 4-րդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
«Արի տուն» 2014թ ծրագրի չորրորդ փուլին մասնակցելու համար հայրենիք ժամանեցին 206 պատանի եւ երիտասարդներ ԱՄՆ-էն, Լեհաստանէն, Գերմանիայէն, Պելճիքայէն, Սպանիայէն, Չեխիայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Կիպրոսէն, Իսրայէլէն, Թուրքիայէն, Վրաստանէն, Ուքրանիայէն, Պելառուսէն, Ղազախստանէն եւ Ռուսիայէն։
Ծրագրի մասնակիցներուն ողջունեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան. «Ողջունելի է, որ որոշել էք ձեր ամառային հանգիստն անցկացնել Մայր Հայրենիքում: Այս երկու շաբաթների ընթացքում կը բարեկամանաք եւ այդ մտերմութիւնը կը շարունակէք նաեւ հետագային: Ծրագրի շրջանակներում կþայցելէք Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, Եռա- բլուր պանթէոն, պատմական եւ տեսարժան վայրեր: Մօտենում է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ խորհրդանշական տարելիցը, եւ մենք ձեզ հետ միասին ենք պայքարելու յանուն պատմական արդարութեան վերականգնման»: Նախարարը յորդորեց մասնակիցները խօսիլ միայն հայերէն եւ ծրագրի աւարտին հեռանալ Հայրենիք վերադառնալու պայմանով:
Աւանդոյթի համաձայն՝ նախարար Հրանուշ Յակոբեան ծրագրի մասնակիցներէն մէկուն՝ Կիպրոսէն ժամանած 13-ամեայ Ռուբէն Յովհաննիսեանին, հագցուց «Արի տուն» տարբերանշանով շապիկ եւ գլխարկ:
Միջոցառման ընթացքին սփիւռքէն ժամանած պատանիները հանդէս եկան հայրենասիրական ստեղծագործութիւններու կատարումներով: Ներկաները իր երգով ողջունեց Շանթ հեռուստաընկերութեան «X ֆակտոր» հեռուստածրագրի՝ Տիւմենի մասնակից Գէորգ Փաշայեան:
Ելոյթներով հանդէս եկան եւ հայապահպանութեան ուղղուած այս ծրագրի կազմակերպման համար սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին սփիւռքէն ժամանած պատանիներու ծնողները եւ հիւրընկալ ընտանիքի անդամները:
Ծրագրի մասնակիցները 9 օրուայ ընթացքին կը ծանօթանան Հայաստանի պատմական եւ տեսարժան վայրերը, կþունենան բազմաբնոյթ հանդիպումներ պետական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներու հետ, հայրենագիտութեան դասեր կþառնեն Հայրենիքին մէջ, կը սորվին ազգային պարեր եւ երգեր:
Մեկնարկեց «Արի տուն» ծրագրի 4-րդ փուլը
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ