Այս տարի «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնը նուիրուած է աշխարհահռչակ հայ բեմադրիչ Սերգէյ Փարաճանովի ծննդեան 90-ամեակին: Այդ առիթով մշակուած են բազմաթիւ ուշագրաւ ծրագիրներ:

Աւանդական դարձած Ծիրանօրհնէքի արարողութեամբ պիտի տրուի  «Ոսկէ ծիրան» փաօատօնի մեկնարկը Կիրակի 13 Յուլիսին: Ծիրանօրնէքի աւանդական  արարողութիւնը  տեղի պիտի ունենայ Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ  (սկիզբը՝ ժամը 15:00-ին), ապա արարողութեան պիտի յաջորդէ «Մոսկուա» կինոթատրոնի ճեմասրահէն ներս  Սերգէյ Փարաճանովին նուիրուած լուսանկարչական ցուցահանդէսի (լուսանկարներու հեղինակ՝ Եուրի Գարմաշ) պաշտօնական բացման արարողութիւնը: Այս տարի կը նշուի «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի 11րդ տարին եւ նուիրուած է Սերգէյ Փարաճանովին: Այս իմաստով ալ տարբեր ելոյթներ նախատեսուած են, նուիրուած Սերգէյ Փարաճանովի ֆիլմերուն: Նախատեսուած է բեմադրիչ  Գարրի Կունցի «Կար-չկար մի Փարաճանով» գիրքի շնորհանդէս-վաճառքը, ապա ցուցադրութիւն՝ փառատօնի բացման նուիրուած Փարաճանովի «Նռան գոյնը» ժապաւէնին:
Փառատօնի բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ  Յուլիս 13-ին  ժամը 19:00-ին, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի  ազգային ակադեմական թատրոնէն ներս: Այս տարի «Ոսկէ ծիրանին» պիտի ցուցադրուին շուրջ 300 ժապաւէններ՝ մրցութային եւ  արտամրցութային ծրագրերու  շրջանակի ծիրէն ներս: Պիտի կայանան նաեւ  միջազգային հեղինակաւոր կինոփառատօներու մէջ յաղթական ճանչցուած  ֆիլմերու  Երեւանեան առաջին ցուցադրութիւններ:
Երեւան պիտի ժամանեն շարժապատկերի աշխարհի անուանի գործիչներ՝ Կիմ Կի-Դուկը, Օթար Իոսելիանին, Ամոս Գիտայը, Ցզյա Չժան-կեն: Փառատօնի պատուաւոր հիւրերու կազմին մէջ  ընդգրկուած են նաեւ Քշիշտոֆ Զանուսին, Մարկօ Մյուլլերը, Ադամ Միխնիկը, ինչպէս նաեւ  Աննա Մուկլալիս, Քրիստիան Պերգեր: