Չորեքշաբթի, 9 Յուլիսին պետական այցելութեամբ Ուրուկուէյ ժամանած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ այդ երկրի նախագահ Խոսէ Մուխիքայի հետ:
Նախքան Մուխիքայի հետ հանդիպումը, Սարգսեան այցելեց Անկախութեան հրապարակ, ծաղկեպսակ զետեղեց զօրավար Խոսէ Արթիկասի յուշարձանին եւ յարգանքի տուրք մատուցեց:
Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի նախագահները քննարկեցին միջպետական կապերու ամրապնդման եւ համագործակցութեան զարգացման ուղղուած բազմաթիւ հարցեր: Երկու երկիրներու նախագահները նշեցին, որ Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի միջեւ փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան հիման վրայ ձեւաւոր« ւած են բարեկամական ջերմ յարաբերութիւններ: Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստան շահագրգռուած է Ուրուկուէյի հետ համընդգրկուն օրակարգի զարգացումով՝ քաղաքական, առեւտրական-տնտեսական, մշակութային ու երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ մարզերուն մէջ եւ պատրաստակամ՝ այդ նպատակին ուղղորդելու անհրաժեշտ ջանքեր:
Հայ-ուրուկուէյական համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին փոխադարձ այցելութիւններու, երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ պարբերական շփումներու անհրաժեշտութիւնը: Այդ ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահը կարեւոր նկատեց 2012 թուականին Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոյի եւ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Խորխէ Օռիկոյի այցելութիւնները, իսկ Ուրուկուէյի զբօսաշրջութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար, հայազգի Լիլիամ Քէշիշեանի՝ անցեալ տարի Նոյեմբերին Երեւան կատարած այցելութիւնը:

Իրաւական-պայմանագրային դաշտի ընդլայնում
Հայ-ուրուկուէյական յարաբերութիւններու խորացման ծիրին մէջ զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին նաեւ իրաւական-պայմանագրային դաշտի ընդլայնումը եւ ընդգծեցին, որ Հայաստանի նախագահին այցելութեան ծիրին մէջ երկու երկիրներու իրաւական-պայմանագրային հիմքը պիտի համալրուի քանի մը նոր կարեւոր համաձայնագիրներով:
Սերժ Սարգսեան եւ Խոսէ Մուխիքա կարեւոր նկատեցին արդիւնաւէտ գործակցութիւնը նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներուն մէջ:
Նախագահները համակարծիք եղան, որ հայ-ուրուկուէյական յարաբերութիւններու զարգացման, անշուշտ, մեծապէս կը նպաստէ Ուրուկուէյի հայ համայնքը, որ պատմութեան տարբեր ժամանակահատուածներու մէջ բնակութիւն հաստատած  է Ուրուկուէյի մէջ, աշխուժ մասնակցութիւն ունի երկրի հասարակական, քաղաքական կեանքին մէջ եւ իր համեստ նպաստը կը բերէ բարեկամ Ուրուկուէյի զարգացման աշխատանքին մէջ:

1965էն՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին երկիրը
Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի նախագահները կարեւոր նկատեցին նաեւ այն հանգամանքը, որ երկու երկիրներու մօտեցումներն ու դիրքորոշումները համամարդկային նշանակութիւն ունեցող հարցերու շուրջ համահունչ են: Անոր վառ ապացոյցը, ըստ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, այն է, որ տակաւին 1965 թուականին աշխարհի մէջ առաջինը ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը՝  Ուրուկուէյը կանգնած է արդարութեան պաշտպանի հարթակին վրայ՝ շահելով համայն հայութեան անմնացորդ համակրանքն ու յարգանքը,  իբրեւ անկեղծ եւ յուսալի բարեկամ:
Սերժ Սարգսեանի խօսքով՝ հայ ժողովուրդի եւ  համայն մարդկութեան դէմ այս ծանրագոյն ոճիրի ճանաչման եւ դատապարտման գործին մէջ Ուրուկուէյը  կատարցծ է թերեւս ամենածանրակշիռ  ներդրումը:
Հանդիպումի աւարտին ստորագրուեցան շարք մը փաստաթուղթեր՝ ուղղուած երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան եւ զարգացման խորացումին, որ կ'ընդգրկեն տարբեր բնագաւառներ: Նաեւ միացեալ յայտարարութիւն մը հրատարակուեցաւ՝ երկու նախագահներուն կողմէ ստորագրուած: