Արցախ կ'այցելէ սփիւռքահայ գործարարներու խումբ մը, որը գլխաւորած է Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Յովսէփեանը: Խումբը հանդիպումներ ունեցաւ ԼՂՀ փոխ վարչապետ, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Արթուր Աղաբեկեանի հետ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ԼՂՀ ֆինանսներու փոխ նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը եւ ԼՂՀ կառավարութեան առընթեր զբօսաշրջութեան եւ  պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան պետ  Սերգէյ Շահվերդեանը:
Գործարարներու Արցախ այցելութեան նպատակն է ուսումնասիրել ԼՂՀի ներդրումային միջավայրը:
Հանդիպման ընթացքին փոխ վարչապետը ներկայացուց գործարարներուն ԼՂՀ տնտեսութեան կառուցուածքը եւ տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու զարգացման հնարաւորութիւնները: Ներկայացուեցան նաեւ այն տնտեսական ծրագրերը, որոնք այժմ ընթացքի մէջ են: Փոխ վարչապետը կարեւորեց ԼՂՀ տնտեսութեան գործին մէջ սփիւռքահայ գործարարներու ներդրումներու դերը՝ վստահեցնելով, որ Արցախը կրնայ շահաւէտ երկիր ըլլալ ներդրումներու համար, քանի որ այստեղ կան բոլոր բարենպաստ պայմանները:
Սփիւռքահայ գործարաներու պատուիրակութիւնը շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ Արցախ այցելութեան առիթով: Հանդիպում նախա-                     տեսուած է նաեւ Արցախի հանրապետութեան նախագահին հետ: