Քննարկուեցան սահմանագօտիի բնակչութեան խնդիրներ

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար ՍԷյրան Օհանեանը  այցելեց Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան հատուածէն ներս տեղակայուած զօրամասերն ու մարտական յենակէտերը:
Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ յենակէտերուն վրայ ծառայող դիրքապահներու պայմաններուն, հետեւեցաւ զօրամասերուն մէջ ընթացող  շինարարական աշխատանքներուն:

Սէյրան Օհանեանը զրուցեց զինուորներուն հետ, ծանօթացաւ անոնց դիմագրաւած առկայ խնդիրներուն, խրախուսեց երիտասարդները եւ հետաքրքրուեցաւ իրենց հարցերով ու անոնց լուծումով:
Այցելութեան ծիրէն ներս քննարկում տեղի ունեցաւ պաշտպանութեան նախարարի եւ բանակային զօրամիաւորման հրամանատարութեան միջեւ, սահմանագիծի վրայ տիրող իրավիճակին շուրջ:
Սէյրան Օհանեանը Տաւուշի մարզպետ Յովիկ Աբովեանի հետ միասին այցելեցին մարզի սահմանամերձ մի քանի գիւղեր, զրուցեցին գիւղապետերուն հետ եւ քննարկեցին սահմանագօտիի բնակչութեան խնդիրները:
Պաշտպանութեան նախարարը աջակցութիւն ցուցաբերեց գիւղապետերու առաջադրած շարք մը խնդիրներու կապակցութեամբ: