«Երեւակ Սփոր» հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Շաբաթ, 5 Յուլիսին, սպանական Վալենսիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է այքիտօ-քարաթէի աշխարհի գօտիի Սուփըր ճակատումը՝ կազմակերպութեամբ «Միքա ֆայթ իվենց»-ի:
Հայաստանէն Դաւիթ Աթանեսեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ այս մրցաշարքին, մենամարտի 2-րդ ռաունտին «նոք-աութ»ի ենթարկելով իր մրցակիցը՝ Պուատան, տիրացաւ աշխարհի գօտիի տիտղոսին: