Պաշտօնական այցելութեամբ Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէս կը գտնուի ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ երէկ Երկուշաբթի 7 Յուլիսին, հանդիպում ունեցաւ Արժանթինի հանրապետութեան փոխ նախագահ, Սենատի նախագահ Ամատօ Պուդուի հետ:
Նկատի առնելով որ Արժանթինի նախագահ տիկին Քրիսթինա Ֆերնանտես Տէ Քիրշների դիմագրաւած առողջական խնդիրները զինք հեռու պահեցին իր պարտականութիւններէն, երկկողմ յարաբերութիւնները կայացան Արժանթինի հանրապետութեան փոխ նախագահին հետ: Նշենք, որ տիկին նախագահի առողջական խնդիրներուն պատճառով յետաձգուած էին իր մասնակցութեամբ նախատեսուած բոլոր պաշտօնական հանդիպումները, ինչպէս եւ 9 Յուլիսին երկրի ազգային տօնի կապակցութեամբ կազմակերպուած միջոցառումները:
Հայաստանի եւ Արժանթինի բարձրապաշտօն հանդիպումներուն ընթացքին շեշտուեցաւ հայ-արժանթինեան բարեկամութեան բարձր մակարդակը եւ այդ բարեկամութիւնը գործնական հարթութիւն տեղափոխելու փոխադարձ պատրաստակամութիւնը: Արժանթինի փոխ նախագահը դրուատանքի խօսքերով արտայայտուեցաւ արժանթինահայ գաղութի մասին, ըսելով թէ ոչ միայն մեծ, այլեւ ազդեցիկ գա- ղութ է եւ մեծ դեր ունի հայ-արժանթինեան կապերու սերտացման գործին մէջ: Ան ընդգծեց նաեւ, որ հակառակ երկու երկիրներու միջեւ հեռաւորութեան, երկու ժողովուրդներուն միջեւ ջերմ բարեկամական կապեր գոյութիւն ունին:
Արժանթինի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատւիրակութեան կազմով Պուէնոս Այրեսի մէջ գտնուող արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է իր արժանթինցի գործընկերոջ՝ Հեկտոր Մարկոս Թիմերմանի հետ:
Հայաստանի ԱԳՆ-ի փոխանցմամբ՝ նախարարներ Նալբանդեան ու Թիմերման վստահութիւն յայտնած են, որ նախագահ Սարգսեանի պաշտօնական այցը նոր խթան կը հաղորդէ տարբեր ոլորտներու մէջ երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման: Երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման տեսանկիւնէն նախարարները կարեւոր նկատած են բազմահազարնոց արժանթինահայ համայնքի դերակատարութիւնը: Խօսելով հայ-արժանթինական յարաբերութիւններու մասին՝ նախարար Նալբանդեան նշեց՝ այն փաստը, որ Լատինական Ամերիկայի մէջ առաջին դեսպանատունը Հայաստանը բացած է Պուէնոս Այրեսի մէջ, կը վկայէ այն կարեւորութեան մասին, որ Հայաստանը կուտայ Արժանթինի հետ փոխ գործակցութեան զարգացման եւ երկու երկիրներու միջեւ հետագայ հնարաւորութիւններուն: