Յուլիս 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարող թուրք մտաւորական Ռագըփ Զարաքոլուին:

Ռագըփ Զարաքոլուն Հայաստան ժամանեց «Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ. վերապրածներու վկայութիւններ» արխիւային փաստաթուղթերու եռահատոր ժողովածուի հիման վրայ ստեղծուած թրքերէն միահատորեակի շնորհանդէսին մասնակցելու նպատակով: Շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Յուլիս 3-ին Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ, ուր ուշագրաւ ելոյթով հանդէս եկաւ թուրք մտաւորականը:
Նախարար Հրանուշ Յակոբան բարձ գնահատելով թուրք մտաւորականի ներդրումը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ նշեց. «Ձեզ ընդունում ենք որպէս ազնիւ մտաւորականի, եղբօր, որ չի կարողանում ապրել կեղծիքի, սուտի եւ անարդարութեան մթնոլորտի մէջ: Ցեղասպանութենէն անցած է 100 տարի, թուրք ժողովուրդը պէտք է ազատի այդ բեռից եւ այդ հարցում ժողովրդին պէտք է առաջնորդեն նման մտաւորականները»: Ան առանձնայատուկ կարեւոր նկատեց Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող գիրքերու, աշխատութիւններու հրատարակումը՝ շեշտելով Ցեղասպանութեան ականատեսներու վկայութիւններու փաստագրման եւ հրապարակման գործով Ռագըփ Զարաքոլուի մեծ աւանդը: «Ցեղասպանութիւնը մինչ օրս շարունակւում է. Հայաստանի նկատմամբ 25 տարի շարունակուող շրջափակմամբ, հայկական սփիւռքի հոգեկան տառապանքներով ու դեգերումներով». նշեց տիկին Յակոբեան։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ թուրք մտաւորական Ռագըփ Զարաքոլուն՝ յանուն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդարութեան վերականգնման իր պայքարը համարեց պատուոյ պայքար։ Ան տեղեկացուց, որ կը շարունակէ վկայութիւններու ու ականատեսներու պատմութիւններու հաւաքագրումը եւ առաջիկային պիտի հրապարակէ եւս 2 գիրք՝ մէկը քիւրտերու, միւսը՝ իսլամացած կիներու վկայութիւններու մասին: Նախարար Հրանուշ Յակոբեան պատրաստակամութիւն յայտնեց Ռագըփ Զարաքոլուի նշած 2 գիրքերու շնորհանդէսը կազմակերպել Սփիւռքի նախարարութեան մէջ: Ի դէպ, թուրք մտաւորականը տեղեկացուց, որ վերսկսած է հայոց լեզուի տիրապետելու իր ընդհատուած դասընթացքը, եւ յոյս յայտնեց, որ շուտով Հայաստանի մէջ հաղորդակցելու համար այլեւս թարգմանիչի կարիք չունենայ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման, հետեւանքներու վերացման, պահանջատիրութեան, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ կազմակերպուելիք միջոցառումներուն վերաբերող հարցեր: