«Ակնյայտօրէն, բորբոքիչ հռետորութիւնը եւ յայտարարութիւնները կը հակասեն լարուածութեան նուազեցման սկզբունքին, ատիկա կը վնասէ խաղաղ հոլովոյթին, եւ կը խրախուսենք զանոնք՝ կրկնապատկելու ջանքերը», ընդգծեց Ճեն Փսաքի:
Միացեալ Նահանգները՝ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր, յանձնառու են օգնելու երկու կողմերուն՝ հասնելու համար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման: Այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի:
«Յոյսով ենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները ընդունին ըստ կարելւոյն շուտ Փարիզի մէջ վեհաժողով գումարելու Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հրաւէրը եւ համաձայնին կառուցուածքային բանակցութիւններու, որոնք կը յանգին խաղաղ համաձայնութեան», ըսաւ Փսաքի:
Ատրպէյճանի մէջ վերջին շրջանին հակահայկական հռետորութեան ահագնացումին, Հայաստանի՝ «Ատրպէյճանի պատմական հող» ըլլալու մասին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան, վերջին շաբաթներուն ատրպէյճանական կողմէն զինադադարի խախտումներուն, որոնց շարքին ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ, այլեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պետական սահմանին, Հայաստանի հիւսիսարեւելեան գիւղերու ռմբակոծումներուն վերաբերեալ հարցումին պատասխանելով արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ յայտարարեց. «Մենք կոչ կ՛ուղղենք երկու կողմերուն կրկնապատկելու իրենց ջանքերը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ եւ կեդրոնանալու այն օգուտներուն վրայ, որոնք խաղաղութիւն կը բերեն մարդկութեան ամբողջ շրջանին մէջ»:
«Ակնյայտօրէն, բորբոքիչ հռետորութիւնը եւ յայտարարութիւնները կը հակասեն լարուածութեան նուազեցման սկզբունքին, եւ մենք անշուշտ կը կարծենք, որ ատիկա կը վնասէ խաղաղ հոլովոյթին, եւ կը խրախուսենք զանոնք՝ կրկնապատկելու ջանքերը», ընդգծեց Ճեն Փսաքի:
Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի բնակավայրերու գնդակոծութիւններուն վերաբերեալ հաղորդումներուն առիթով արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ ինք չունի որոշակիօրէն այդ հաղորդումներու գծով որեւէ հաստատում, բայց, յստակաբար, խաղաղ լուծումը կը բխի երկու երկիրներու շահերէն:
Նոյն օրը խնդիրին անդրադարձած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահ այլ պետութիւն մը եւս՝ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Պատասխանելով «Նուվել տ՛Արմենի» պարբերականի հարցումին, թէ ի՞նչ նախաձեռնութիւններով կը պատրաստուի հանդէս գալու Ֆրանսան՝ կանխելու համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան ահագնացումը, «յատկապէս 5 Յունիսին հայ երկու զինուորներու մահէն ետք, որոնք սպաննուեցան Հայաստանի հարաւարեւմտեան սահմանին վրայ՝ Նախիջեւանի մէջ ատրպէյճանական բանակի արձակազէնի մը կողմէ», Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտարարեց, որ Ֆրանսան կոչ կ՛ուղղէ կողմերուն զերծ մնալու վստահութեան մթնոլորտի հաստատման հակասող յայտարարութիւններէն եւ զանոնք կը հրաւիրէ աշխուժօրէն նպաստելու անոր:
Բանբերը նշեց, որ 11-13 Մայիսին Հարաւային Կովկաս այցելութեան ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ «նախագահներ Ալիեւի եւ Սարգսեանի հետ քննարկեց բանակցութիւնները խաղաղ լուծման ուղղութեամբ յառաջ մղելու միջոցները»: