
Պաքուի մէջ աւարտեցաւ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական հարցերու յանձնախումբին նիստը:
Հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան Պաքուէն «Երկիր»-ին տեղեկացուց, որ յաջողած է Հայաստանի համար կարեւոր եւ սկզբունքային երեք ուղղում մտցնել յանձնախումբի զեկուցումին եւ վերջնական ընդունուած բանաձեւին մէջ:
Ըստ անոր, արձանագրութեան 23-րդ կէտը, որ պատրաստած էր զեկուցումին ու բանաձեւի հեղինակը՝ Ֆինլանտայի ներկայացուցիչ Փիա Քաուման, ընդգծած էր մասնակից երկիրներու սահմաններու անխախտելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքները պաշտպանելու կարեւորութիւնը՝ ամրագրուած Հելսինքեան եզրափակիչ աքթին մէջ:
«Մեր պատուիրակութիւնը տակաւին Երեւանէն առաջարկ ներկայացուցած էր, որուն միացած էին նաեւ այլ երկիրներէ այլ պատգամաւորներ: Կոմիտէի նիստին ընթացքին քուէարկութեան դրուեցաւ մեր առաջարկը, որ անցաւ, եւ արդէն այդ բանաձեւին բնագիրին մէջ աւելցան նաեւ տագնապներու խաղաղ լուծման, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը ամրագրող սկզբունքները: Այսինքն՝ երեք սկզբունքներ
ամրագրուեցան բանաձեւին մէջ: Զեկուցումին հեղինակը համաձայնեցաւ մեր առաջարկին հետ, եւ մեծամասնութիւնը քուէարկեց յօգուտ մեր առաջարկին», ներկայացուց Աղուան Վարդանեան:
Քաղաքական հարցերու յանձնախումբի արձանագրութեան մէջ, բացի անկէ, հայկական պատուիրակութիւնը յաջողած է երկու այլ առաջարկներ եւս ընդունիլ տալ, որոնք կը վերաբերէին Սուրիոյ: Արձանագրութեան նախագիծին մէջ նշուած են ցեղային խումբերու դէմ յանցագործութիւնները դատապարտող դրոյթներ, եւ հայկական կողմին առաջարկով այդ կէտին կողքին աւելցուած է նաեւ կրօնական խումբերուն հանդէպ յանցագործութիւնները դատապարտող դրոյթը: «Ասիկա ընդունուեցաւ: Երկրորդը՝ մենք առաջարկեցինք, որ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրները թոյլ չտան, որ իրենց տարածքները օգտագործուին արմատական եւ ահաբեկչական խումբերու կողմէ՝ դէպի Սուրիա անցում կատարելու եւ այնտեղ ցեղային ու կրօնական փոքրամասնութիւններուն դէմ ոճիրներ կատարելու համար: Ատիկա ուղղակիօրէն կը վերաբերի Թուրքիոյ, Քեսապի հարցերուն, եւ ատրպէյճանցիներուն, որոնք այնտեղ կը կռուին ու կը սպաննուին», ըսաւ Աղուան Վարդանեան: Հայկական պատուիրակութեան այս երկու առաջարկները եւս ընդունուած են, որոնք, ըստ Վարդանեանի, շատ կարեւոր էին հայկական կողմին համար:
Մանրամասնութիւններ Պաքուի մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿ Խորհրդարանական
վեհաժողովի նիստէն
«Ապառաժ» 30 Յունիս 2014.- Հայկական 5 հոգինոց պատուիրակութիւնը ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի շրջանակներուն մէջ մեկնած է Պաքու: Պատուիրակութեան կազմին մէջ են ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան, ԱԺ ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Արտաշէս Գեղամեան, ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Ստեփան Մարգարեանը, ԱԺ միջազգային բաժնի ներկայացուցիչ Անահիտ Գասպարեան եւ ԱԳՆ-է՝ Վահէ Գէորգեան:
Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի նիստը
Մշտական յանձնաժողովի նիստը տեղի ունեցաւ առաւօտեան, ելոյթ ունեցան ԵԱՀԿ ԽՎ նախագահը Ռանկօ Կրիվոկապիչը եւ գլխաւոր քարտուղար Սպենսեր Օլիվերը: ՀՀ ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան հայկական պատուիրակութեան կազմին մէջ կը գտնուի Պաքուի մէջ: Ան Երկիրի կայքէջին տուած հեռախօսազրոյցին ընթացքին նշեց, որ մշտական յանձնաժողովի նիստին մէջ, հարց ու պատասխանի ժամանակ, պատուիրակութիւններու ղեկավարները հարցեր տալու հնարաւորութիւն ունեցան. «Ատրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավար Բահար Մուրադովան հարց ուղղեց՝ արդե՞օք չի պատրաստուիր ԵԱՀԿ ԽՎ-ն աւելի աշխուժ ներգրաւուիլ Անդրկովկասի խնդիրներուն մէջ՝ յիշեցնելով Ուքրանիայի վերջին իրադարձութիւնները: Կար լրացուցիչ արձանագրութեան խնդիր Ուքրանիայի հարցի վերաբերեալ, որը պէտք է ներառէր Ռուսաստանի քայլերը Ուքրանիայի հանդէպ, այն պէտք է քուէարկութեան մտնէր ԽՎ օրակարգ, եւ բուռն քննարկումներ տեղի ունեցան,-նշեց Աղուան Վարդանեանը եւ աւելցուց,- Ատրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավարը առաջարկեց ընդլայնել հարցերու օրակարգը, որպէսզի ընդգրկուի ոչ միայն Ուքրանիայի դէպքերու վերաբերեալ խնդիրը, այլեւ բոլոր հակամարտութիւններու վերաբերեալ հարցեր: Հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Արտաշէս Գեղամեան ձայն խնդրեց եւ անդրադարձաւ այն հարցին, որ Հելսինկեան եզրափակիչ ակտը միայն տարածքներու ամբողջականութեան մասին չի խօսիր, այլ կը խօսի նաեւ ժողովուրդներու ինքնորոշման մասին: Բաւական բուռն քննարկումներ եղան՝ այդ հարցը օրակարգ մտնէ՞, թէ՞ ոչ: Ի վերջոյ, քուէարկութեամբ այդ հարցը եւս ընդգրկուեցաւ օրակարգին մէջ»: Ա. Վարդանեանի տուած տեղեկութիւններուն համաձայն օրուայ երկրորդ կէսին, ԵԱՀԿ ԽՎ հանդիսաւոր բացման, ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահը, եւ վաղը աշխատանքները կը շարունակուին երեք տարբեր յանձնաժողովներու մէջ՝ քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերու, տնտեսական տեխնոլոգիաներու եւ շրջակայ միջավայրի հարցերու, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ հումանիտար հարցերու կոմիտէներուն մէջ, ուր կան զեկոյցներ եւ եզրափակիչ արձանագրութիւններ, որոնց վերաբերեալ առաջարկութիւններ կ'ըլլան:
«Քանի որ Ատրպէյճանում է տեղի ունենում վեհաժողովը, ակնյայտ է, որ ատրպէյճանական կողմը փորձելու է իր շեշտադրումները եւ առաջարկութիւնները բերել օրակարգ, եւ բնական է, որ ակտիւ աշխատում են նաեւ միւս պատուիրակութիւններու հետ»,- նշեց Աղուան Վարդանեանը:
Ի դէպ Պաքուի մէջ դարձեալ բողոքի ցոյց տեղի ունեցաւ՝ ընդդէմ հայ պատգամաւորներու. կը յայտնէ haqqin.az-ը: Ցոյցին մասնակցիները իրենց բողոքը յայտնեցին հայ պատգամաւորներու՝ Պաքուի մէջ ընթացող՝ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովին մասնակցելու կապակցութեամբ: Կը հաղորդուի, որ կան ձերբակալուածներ: