«Հակառակորդին կողմէ հետախուզական խումբերու ներթափանցման փորձերն ու բացարձակ նախայարձակումը այս տարի բաւական աճած են:
Անոնց պատճառով ունեցած ենք կորուստներ», երէկ Վանաձորի մէջ պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին ըսաւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան: Նախարարը Վանաձոր եկած էր շնորհակալութիւն յայտնելու բանակի 104 լաւագոյն լոռեցի զինուորներու ծնողներուն, միաժամանակ յուշամետալներով ու պատուոյ գիրերով պարգեւատրեց ղարաբաղեան պատե- րազմի շարք մը ազատամարտիկներ:
Անդրադառնալով շփման գիծին վրայ տեղի ունեցող դէպքերուն՝ Մովսէս Յակոբեան ընդգծեց. «Հակառակ սահմանին վրայ հակառակորդին կողմէ ցուցաբերուած աշխուժութեան, զոհերու թիւը տարուէ տարի կը նուազի, իսկ հակառակորդը կը ստանայ արժանի պատասխան: Որեւէ այդպիսի ոտնձգութիւն համարժէք խիստ պատասխան պիտի ստանայ մեր զինուորին կողմէ: Վստահ եղէք, որ հակառակորդը որեւէ այդպիսի գործողութենէ ետք մեծ ափսոսանք պիտի ապրի», ըսաւ Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարը:
Յակոբեան հետեւեալ ձեւով մեկնաբանեց շփման գիծի հակառակորդի աշխուժութեան երեւոյթը. «Քանի մը գործօններ կան: Առաջինը՝ Ատրպէյճան ամէն ձեւով կը փորձէ վնաս պատճառել հայ զինուորին եւ հայ ընտանիքին: Երկրորդը՝ կը փորձէ շանթաժի ենթարկել միջնորդ երկիրները, որոնք կը զբաղին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծումով: Եւ երրորդ՝ կը մարզէ իր զօրքը, կը փորձէ բարձրացնել իր զօրքին մարտունակութիւնը եւ նաեւ յատուկ ներքաղաքական խնդիրներ կը լուծէ»: