Լեհաստանի Քաթովիցէ քաղաքին մէջ նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Եւրոպայի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութիւնը:

Հետեւելով Գէորգ Ղարիբեանի օրինակին՝ իր կարգին Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Հրանդ Քալաչեան (66 քկ), որ աւարտականին յաղթեց Ալեքսէյ Թատուքի (Ռուսիա) 4-1 արդիւնքով:
Հայաստանի մնացեալ ըմբիշները այլ մետալներու չտիրացան: