Անցեալ տարի Յուլիս 27-էն Օգոստոս 3-ին Երեւանի մէջ կազմակերպուեցան Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան 9-րդ մարզախաղերը, որոնց մասնակցեցան 650-է աւելի մարզիկներ աշխարհի 18 երկիրներէ:
Միջոցառումը կազմակերպուեցաւ ՀԱՕԿ նախագահ, Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9-րդ մարզախաղերու պատուաւոր նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի անմիջական հովանաւորութեամբ:
Հարիւրաւոր երիտասարդներու համար այս տարի եւս հանդիպման վայրը Հայաստանն է: Անոնք պիտի մասնակցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմակերպած միջոցառումներուն: Այս ծրագիրները եւ յատկապէս բանակումի աշխատանքը համակարգելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր աշխատանքները կÿիրականացնէ: Կեդրոնական Վարչութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Գագիկ Ծառուկեանին հետ, որու հրաւիրեց ներկայ գտնուելու միութեան բանակումին: Գագիկ Ծառուկեանը սիրով ընդունեց հրաւէրը եւ յայտնեց իր պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան գործունէութեան ու նախաձեռնութիւններուն:
ԲՀԿ նախագահը Յուլիսին նախատեսուած բանակումի մասնակից հարիւրաւոր երիտասարդներուն հրաւիրեց կրկին մէկտեղուելու մէկ վայրի մէջ, միասին կիսելու հայրենիքէն ներս հիւրընկալուելու ուրախութիւնն ու բերկրանքը: «Որտեղ միասնութիւն, այնտեղ յաղթանակ: Նմանօրինակ միջոցառումների շնորհիւ պէտք է աշխարհին ապացուցենք, որ հայ ժողովրդի միասնութեան դէպքում անյաղթահարելի խնդիր գոյութիւն չունի»,-իր խօսքին մէջ ընդգծեց Գագիկ Ծառուկեանը՝ կարեւորելով Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան համագործակցութիւնը սփիւռքի կառոյցներուն հետ:
Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան կեդրոնական վարչութեան ա- տենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը Լիբանանի համայնքի կողմէ հրաւէր փոխանցեց եւ նշեց, որ Գագիկ Ծառուկեանը սպասուած հիւր է Լիբանանի մօտ: «Իւրաքանչիւրս մեզանից կախուածը պէտք է անենք սփիւռքի մեր հայրենակիցներին ու առաջին հերթին երիտասարդ սերնդին հայրենիքում հիւրընկալելու, Հայաստանին կապելու գործում. սա է հայապահպանութեան միակ ճա- նապարհը»,- սիրով ընդունելով հրաւէրը՝ ամփոփեց Գագիկ Ծառուկեանը: