• Վերջերս, Երեւանի մէջ հրապարակային դասախօսութիւն մը կատարած է տաղանդաւոր բանաստեղծ Յովհ. Շիրազ: Դասախօսութեան ընթացքին, բանաստեղծը կարդացած է իր անտիպ ,Անիե քերթողագրքէն ,Թոնդրակեցիներըե խորագրով երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը: Այս առթիւ, իր

Մեծ քանակութեամբ շաքար, երկաթ եւ այլ  սննդանիւթեր պարունակող արեւելեան արմաւի՝ այս հրաշալի պտուղին հայրենիքը կը նկատուի Միջին Արեւելքը, յատկապէս արաբական երկիրները: Հակառակ Հայաստանի կարգ մը շրջաններու այս պտուղին համար ունեցած բարենպաստ պայմաններուն, երբեք չէր փորձուած արմաւենիներու տնկումը: Միայն 1939-ին

  • Գոքինիոյ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդացի երկսեռ  խումբերու կողմէ կազմակերպուած հրապարակային պար-հաւաքոյթը, որ եղանակի առաջին ձեռնարկն էր, մեծ յաջողութիւն արձանագրեց: «Զաւարեան»ի սրահը լեցուած էր հանդիսականներով:

Տպագրութեան գիւտէն 57 տարի ետք, 1512-ին, Վենետիկի մէջ տպագրուեցաւ առաջին հայերէն գիրքը: Ասոր նշանակութիւնը շեշտելու համար յիշենք, թէ միայն 109 տարի ետք, 1564-ին, Ռուսիա ունեցաւ իր առաջին տպարանը, իսկ աւելի ուշ՝ 1640 թուականին, Հիւսիսային Ամերիկա: Հայերէն առաջին գիրքը «Պարզատոմար»ն է, որուն յաջորդեցին, տարի մը ետք,

- Պոլսոյ թերթերու տեղեկութեանց համաձայն, Սեպտեմբեր 24-էն Հոկտեմբեր 1ի միջեւ Հռոդոսի մէջ Տիեզերական պատրիարքարանի նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ օրթոտոքս եկեղեցիներու համաժողովը: