• Ամառուան ամենակիզիչ շրջանին է որ այս տարի եւս Յունաստանի կաթողիկէ հայոց առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ սարքուեցաւ տասնօրեայ արշաւ մը դէպի Զաքինթոս կղզին, հայր Յովհաննէս Վ. Գոյունեանի գլխաւորութեամբ:

  • Հայկական Գիտութիւններու Ակադեմիայի հրաւէրով՝ Երեւան հասած են՝ արտասահմանի հայ գիտնականներ, որոնք մէջ կը գտնուին՝ Փենսիլվանիոյ համալսարանի դասախօս  փրոֆ. Մանասէ Սեւակ, Ալապամայի համալսարանի դասախօս փրոֆ. Չարլս Գոչակեան եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս փրոֆ. Աւետիս Խաչատուրեան:

Գալիֆորնիոյ Պըրքլի համալսարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցած աստղագէտներու միջազգային համագումարին նախագահ ընտրուած է հայազգի հռչակաւոր աստղագէտ Վիքթոր Համբարձումեան: Համագումարին մասնակցած են նաեւ Հայաստանի Բիւրականի աստղադիտարանի վարիչներէն տոքթ. Բենիամին Մարգարեան, Մեքսիկոյէն՝ տոքթ. Մարի Փիչմիչ  իսկ Եուկոսլաւիայէն՝ տոքթ. Վահագն Ոսկանեան: Լոս Անճելըսի հայերը՝ ի պատիւ Վիքթոր Համբարձումեանի սարքած են հաւաքոյթ մը, որու ընթացքին խօսած է նաեւ հայազգի հռչակաւոր բեմադրիչ Ռուբէն Մամուլեան:

  • Վերափոխման Ս. Աստուածածնոյ տօնը այս տարի բացառիկ շուքով տօնուած է Կեսա- րիոյ Ս. Լուսաւորիչ դարաւոր եկեղեցիին մէջ, որ լեցուած է երկսեռ հաւատացեալներու խուռն բազմութեամբ մը:

  • Օգոստոսի մէջ 35 հոգիէ բաղկացեալ երկսեռ խումբ մը՝ մեծամասնութեամբ երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, բուլման ինքնաշարժով Աթէնքէն ճամբայ ելան դէպի Քերքիրա 5-օրեայ արշաւի մը համար: