- Պոլսոյ թերթերու տեղեկութեանց համաձայն, Սեպտեմբեր 24-էն Հոկտեմբեր 1ի միջեւ Հռոդոսի մէջ Տիեզերական պատրիարքարանի նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ օրթոտոքս եկեղեցիներու համաժողովը:

Մօտ երկու հարիւր տարիէ ի վեր տեղի չէ ունեցած նման եկեղեցական համաժողով մը: Աթինաղորաս պատրիարքը անձամբ ղրկած է հրաւիրագրերը եւ արդէն իսկ ստացած է կարգ մը պատասխաններ: Օրթոտոքս եկեղեցիներու այս համաժողովին պիտի մասնակցին Իսքէնտէրունի, Անթաքիոյ, Երուսաղէմի, Ռուսիոյ, Եուկոսլաւիոյ, Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ պատրիարքարաններու ներկայացուցիչները ինչպէս նաեւ՝ Կիպրոսի, Յունաստանի, Լեհաստանի ինքնավար եկեղեցիները եւ զանազան Օրթոտոքս թեմեր: Այս համաժողովին մասնակցելու հրաւէր ուղղուած է նաեւ Արեւելեան քրիստոնեայ եկեղեցիներուն, որոնց կարգին նաեւ Ս. Էջմիածինին: Էջմիածինի կաթողիկոսը հեռագրով յայտնած է թէ՝ միջօրթոտոքս համաժողովին համար եղած հրաւէրին ընդառաջելով, որոշած է երկու կղերական ներկայացուցիչներով իբրեւ դիտող ներկայ ըլլալ Հռոդոսի այդ ժողովին: Նոյն ժողովին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ՝ Անկլիքան եկեղեցւոյ եւ Ամերիկեան եպիսկոպոսական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները եւ Ժընեւի եկեղեցիներու միութենէն դիտող մը:

- Թեհրանի «Արարատ» մշակութային ու մարզական միութեան հրաւէրով՝ վերջերս Պէյրութէն Թեհրան այցելած է ծանօթ գրագէտ եւ Համազգայինի Փալանճեան ճեմարանի փոխ-տնօրէն ընկեր Մուշեղ Իշխան: Իրանահայ գրողներու միութեան կողմէ, «Գարուն» ակումբի սրահին մէջ, ընկեր Իշխանի ի պատիւ կազմակերպուած է հաւաքոյթ մը, որու ընթացքին խօսք առած են միութեան անդամները եւ հիւր գրագէտը: Ընկեր Մ. Իշխան Թեհրանի եւ Նոր Ջուղայի մէջ տուած է դասախօսութիւններ, որոնց ներկայ եղած են մեծ թիւով գրասէր ազգայիններ: