• Թեսաղոնիկէի Միջազգային 26-րդ ցուցահանդէսին մօտաւորապէս քսան օտար պետութիւններ ցուցադրած էին իրենց ճարտարարւեստական, երկրագործական եւ այլ արտադրութիւնները:

  • Սեբաստիայէն կը հեռագրեն Պոլսոյ թերթերուն, թէ թուրք գիւղացիները, որոնք կը բնակին Կարսի, Արտահանի եւ Արարատի շրջանին մէջ եւ անասնաբուծութեամբ կը զբաղէին, երկարատեւ երաշտին պատճառով սկսած են գաղթել եւ երթալ հաստատուիլ կեդրոնական եւ արեւմտեան Անատոլու:

  • Սեպտեմբերի 17-ին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ ֆութպոլի նորակազմ խումբը, ձմեռնային շրջանի դասակարգային մրցումներու առաջին յաղթանակը ապահովեց, Քորիտալոսի քաղաքապետարանի մարզադաշտին մէջ, մրցելով Ֆալիրիքոն խումբին դէմ:

Թրակիոյ եւ Մակեդոնիոյ Գթութեան Խաչի Շրջ. վարչութիւնը, ասկէ հինգ տարի առաջ, գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր Ս. Խաչի տօնին առթիւ, ուխտագնացութիւն մը կազմակերպելու դէպի Գավալա, տեղւոյն համանուն եկեղեցիին  ի յարգանս: Ձեռնարկի յաջողութենէն քաջալերւած, ամէն տարի, Ս. Խաչի տօնին, Գթութեան Խաչի

  • Հայ տարագիրներու նոր խումբ մը Պէյրութէն    հասաւ Նիւ Եորք մասնաւոր օդանաւով: Նորեկները 54 հոգի էին: Սան Ֆրանչիսկոյէն ԱՆՉԱ-ի նախագահ պրն. Ճորճ Մարտիկեան եւ փոխ նախագահ պրն. Սուրէն Սարոյեան, մասնաւորապէս եկած էին նորեկները դիմաւորելու: