Յունաստանի կառավարութիւնը խորապէս մտահոգուած է տեսնելով, թէ մէկ օր առաջ երկրի տնտեսութեան նախարար Էվանկելոս Վենիզէլոսի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները բնաւ չեն բաւարարած Պրիւքսելը, այլ ընդհակառակը՝ յաւելեալ ճընշումներու առիթ տուած են, խորացնելով վերապահութեան մթնոլորտը Յունաստանի հանդէպ:

Այսօր Հինգշաբթի, սկիզբ կառնէ երկրի աշխատաւորական մեծագոյն սենտիքաներու կողմէ կազմակերպուած բողոքի արշաւը: Թաքսիներու վարորդները կը բանան գործադուլներու արշաւը, որ կը շարունակուի բժիկներու, պետական  եւ օդանաւային հսկողութեան պաշտօնեաներու, ապա նաեւ ուսուցիչներու գործադուլով:

Անձկութեան, մտավախութեան, սրտնեղութեան  անհամար օրերէ ետք, վերջապէս հրապարակուեցան Յունաստանի բարձրագոյն ուսումնարաններու քննութիւններու արդիւնքները: Ահա՛ ուսանողներու աչքերուն առջեւ են անհամբերութեամբ սպասուած համալսարանական արդիւնքները եւ ընտանիքներ կը հրճուին տքնաջան աշխատանքէ ետք հասած արդար հատուցման համար։

Այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն հրապարակուեցան արդիւնքները:

Հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ երէկ գիշեր Յունաստանի վարչապետ Եորղոս Փափանտրէու Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոպայի հետ, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ տնտեսական ճգնաժամի զարգացումներու կապակցութեամբ: Վարչապետ Փափանտրէու մատնանշեց 21 Յուլիսի գագաթնաժողովի որոշումներու արագ գործադրման  պահանջքը:

Մինչեւ 2011ի վերջաւորութիւնը կը նախատեսուի թէ պետական ապահովագրական  IKA հաստատութեան ծախսերը պիտի հասնին 740 միլիոն եւրօ գումարի: Ինչպէս կը հաղորդէ հելլէն մամուլը, IKAի ղեկավար  Եր. Վետուրիս պահանջք ներկայացուցած է պետական յաւելեալ յատկացման, դիտել տալով թէ անկարելի է այսպիսի գումարներով հակակշռել  ծախսերը: