Այսօր կէսօրուան ժամը 2ին կը սկսին Յունաստանի տնտեսական ճգնաժամի քննարկման նիւթով հրաւիրուած գագաթնաժողովի աշխատանքները:

Երէկ գիշեր, 7 ժամ տեւած քննարկումներէ ետք, համաձայնութեան յանգեցան Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ նախագահները, որոնք միասնաբար Յունաստանի հանդէպ «զօրակցական կեցուածք» պիտի ցուցաբերեն:
Համաձայնութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները չեն հրապարակուած, սակայն ֆրանսական կողմը խօսած է ֆրանս-գերմանական համաձայնութեան եւ ոչ թէ փոխ-զիջումային  լուծման մասին:
Քննարկումներուն մէջ ներառնուած է Յունաստանին տրուելիք երկրորդ վարկի հարցը:
Ֆինանսական շուկային կողմէ յստակ ակնկալիքներ կան եւրոպացի ղեկավարներէն, որոնք պարտաւորուած են գործնական լուծում մը առաջարկելու: Եթէ ոչ՝ նոյն վտանգը կը սպառնայ տնտեսապէս խոցելի նկատուող Իտալիոյ, Սպանիոյ եւ Պելճիքային: