Իյիշատակ Ցեղասպանութեան 100ամեակին՝ Bloodvine Mediaն, Strongmanի եւ mTuckman Mediaի հետ համատեղ, «2015 թուականի Ապրիլ 17ին հանդիսատեսի դատին կը յանձնէ «1915» ֆիլմը:
Հոգեբանական թրիլլերի (զգայացունց) բեմադրիչներն են Կարին Յովհաննիսեան («Գերդաստան ստուերաց» գիրքի հեղի նակ) եւ Ալեք Մուհիբեան: Նկարահանող եւ դերասանական կազմը կը ներառնէ այնպիսի նշանաւոր անձեր, ինչպէս են արտադրող Րաֆֆի Յովհաննիսեան (Հ.Հ. արտաքին գործերու առաջին նախարար), Կրեմմի մրցանակակիր երգահան Սերժ Թանկեան (System of a Down խումբէն, որ շուտով կը սկսի Ցեղասպանութեան նուիրուած իր շրջագայութիւնը) եւ դերասաններ Սիմոն Աբգարեան (Casino Royale) ու Անժելա Սարաֆեան (Twilight):
«2015 թուականը ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցն է, այլ նաեւ մոռցուած ցեղասպանութիւններու ամբողջ դարաշրջանի մը աւարտը,- նշեց Կարին Յովհաննիսեան,- 1915»ը ժխտման մասին է, թէ ինչպէ՞ս մենք կը փորձենք ազատիլ պատմութենէն ու ինչպէ՞ս պատմութիւնը մեզ կը հետապնդէ: Այն նաեւ մեր իսկ անցեալի ուրուականներուն հետ առերեսուելու անհրաժեշտութեան մասին է»:
Նիւթը.- Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութենէն ուղիղ 100 տարի անց, խորհըրդաւոր բեմադրիչ մը Լոս Անջելըս թատրոնին մէջ կը բեմադրէ ներկայացում մը՝ ի յիշատակ 1915ի: Սակայն երբ ցուցարարները կը շրջապատեն թատրոնը եւ շարք մը տարօրինակ պատահարներ խուճապ կ’առաջացնեն արտադրողին (Ճիմ Փիդդոք) եւ դերասաններուն (Անժելա Սարաֆեան, Սէմ Փէյջ ու Նիկոլայ Կինսկի) մօտ, կը պարզուի, որ բեմադրիչին մտադրութիւնը չափազանց վտանգաւոր է եւ անցեալի ուրուականները ամէնուր են:
«1915» ժապաւէնի անձնակազմ.
Բեմադրիչ ու բեմագրութեան հեղինակներ՝ Կարին Յովհաննիսեան եւ Ալեք Մուհիբեան
Արտադրողներ՝ Կարին Յովհաննիսեան, Ալեք Մուհիբեան եւ Թերրի Լէոնարդ
Գործադիր արտադրող՝ Րաֆֆի Յովհաննիսեան
Երաժշտութեան հեղինակ՝ Սերժ Թանկեան (System of a Down)
Նկարող բեմադրիչ՝ Լի Լիսբաօ Անդերվուդ
Նկարահանման ձեւաւորում՝ Մայքլ Ֆիցջերալդ
Հագուստի ձեւաւորում՝ Լորէն Օփելթ
Մոնտաժ՝ Դէն Դոբի եւ Փոլ Ֆորտէ
Դերակատարներ՝ Սիմոն Աբգարեան,
Անժելա Սարաֆեան, Սէմ Փէյջ, Նիկոլայ Կինսկի, Դեբրա Քրիստոֆերսոն եւ Ճիմ Փիդդոք
Տեղեկութիւններու համար միացէք ֆէյսպուքեան էջին՝ www.facebook.com/1915themovie:
Ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի Լոս Անջելըս եւ Հարաւային Գալիֆորնիա՝ Ապրիլ 17էն
Նիւ Եորք՝ Ապրիլ 22էն, Ֆրեզնօ՝ Ապրիլի 24էն, Երեւան՝ Ապրիլ 25էն։ Ժապաւէնը նաեւ հասանելի պիտի ըլլայ ինթերնեթային հարթակներուն՝ Ապրիլ 22ին:
Սերժ Թանկեան ներկայացուցած է «1915» շարժանկարին գովազդը
Աշխարհահռչակ System of a Down խումբի մենակատար Սերժ Թանկեան իր Facebookեան էջին վրայ ներկայացուցած է «1915» շարժանկարի գովազդը,- կը գրէ NEWS.am STYLEը:
«Ուրախ եմ ներկայացնելու «1915» շարժանկարի գովազդը, որուն երաժշտութեան հեղինակը ես եմ»,- գրած է Թանկեան:
Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած ենք, System of a Down խումբը կը մեկնարկէ իր «Wake Up The Souls Tour» համերգային շրջագայութիւնը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին: Խումբը ելոյթ կ՚ունենայ Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Պելճիքայի մէջ: Ան իր համերգային շրջագայութիւնը կ՚աւարտէ Երեւանի մէջ: Համերգը կը կայանայ Ապրիլ 23ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ livestream կարգով (ամբողջ աշխարհը կրնայ առցանց հետեւիլ համերգին):