Կ՝ամբաստանուիմ... լաւատեսութեամբ:
- Քիչ մը իրատես եղիր, կ՝ըսեն ինծի:
Կը ժպտիմ, կ՝անցնիմ: Չեմ հակաճառեր: Ի՞նչ ըսեմ, իմաստ ունի՞ բացատրութիւններ տալ, հասկցնել թէ ինչո՞ւ միշտ լաւատեսութեամբ կ՝արտայայտուիմ գրութիւններուս մէջ, մանաւանդ որ, որքա՜ն դիւրին է ... յոռետես ըլլալը, եւ որքան հաճելի՝ ինքզինք իրատես դաւանիլը:


Իմ լաւատեսութիւնը արմատներ ունի, խո՛ր արմատներ, եւ այդ չի բխիր անձնական համոզումներէ պարզապէս, ոչ ալ առնչուած է անպայման մեզ շրջապատող իրականութեան:
Լաւատեսութիւնս կապուած է հոգեւոր-մտաւոր դաստիարակութեանս հետ, զոր ստացայ դաստիարակներէս՝  ծնողքէս, ուսուցիչներէս ու գաղափարական առաջնորդներէս:
Անոնք կոփեցին զիս իբր մարդ, իբր հայ եւ իբր դաշնակցական: Այդ երեք ստորոգելիները ինծի համար իրարմէ  անբաժան դարձան, եւ երեքն ալ մէջս զարգացուցին այն հաւատքը, որ կարելի է բարեշրջել ամենէն յուսահատական վիճակները, կարելի է սրբագրել ամենէն յոռի երեւոյթները, ու մարդը աւելի մարդկային դարձնել, հայը՝  աւելի՛  հայոգի, դաշնակցականը աւելի՛  ծառայակամ:
Արդարեւ, եթէ մեր մտածումները հիմնուած ըլլային միայն առկայ իրականութեան վրայ, կասկած չկայ, որ կրնայինք տարուիլ յոռետեսութեամբ թէ՛ մարդկութեան եւ թէ՛ անոր մէկ մասնիկը հանդիսացող հայութեան ապագային նկատմամբ, նոյնիսկ այն աստիճան մռայլ պատկեր մը կրնայինք տեսնել, որ պիտի ուզէինք պոռալ՝  «Կանգնեցուցէ՛ք սա երկրագունդը, վար պիտի իջնեմ  անկէ»...
Դժբախտաբար կամ բարեբախտաբար, սակայն, իջնելիք տեղ չունինք, այլ մոլորակներ ալ չկան մօտերը, ուր կրնանք հանգրուանել, խռոված՝ սա  Երկիր մոլորակէն, իսկ այլ համաստեղութիւններն ալ գրկաբաց մեզի չեն սպասեր... Ունինք չունինք ա՛յս է, որ ունինք, որ 24 ժամ կÿառնէ ինքն իր  վրայ դառնալու՝  հոլովուելու համար, եւ 365 օր ու մի քանի ժամ՝  իր աստղին շուրջ դառնալու՝  թաւալելու համար:
Ա՛յս է մեր մոլորակը, իր եօթը երկիլիոնի հասնող բնակիչներով, որոնք  տակաւին բաժնուած են տիրողներու եւ տիրուողներու ու զիրար կը յօշոտեն՝  ափ մը աւելի հողի, կաթիլ մը աւելի ջուրի կամ շիթ մը աւելի քարիւղի տիրանալու համար, որոնք բնութիւնը կը պղծեն՝ ի հեճուկս իրենց իսկ վերապրումին, տակաւին զԱստուած կը փնտռեն՝ տեւաբար փախչելով Անկէ:
Եւ ունինք չունինք սա փոքրիկ հողի կտորն է, որ ունինք, զոր Հայաստան կը կոչենք, հող՝ որուն վրայ ապրեր են մեր նախնիքը հազարաւոր դարերէ ի վեր, եւ որուն վրայ կÿուզենք ապրիլ մենք, կÿուզենք որ մեր գալիք սերունդներն ալ ապրին տակաւին հազարաւոր դարեր:
Եթէ այս ցանկութիւնը լաւատեսութիւն կը նշանակէ, այո՛ լաւատես եմ:
Ճիշդ է, իդիալ պայմաններու մէջ չի գտնուիր մեր հայրենիքը. ճիշդ է, նեխած բարքեր կան այնտեղ, անարդար են կարգերը այնտեղ, կամ՝  ամբողջովին արդար չեն անոնք: Ճիշդ է, ներքին ու արտաքին թշնամիներ առնետներու նման կը կրծեն մեր ծառին արմատները այնտեղ։ Այո՛, անկախ Հայաստան մը այսպէ՛ս չէ, որ կը պատկերացնէինք...
Սակայն եկէք ընդունինք, որ անցնող երկու հարիւր, նոյնիսկ հազար տարիներուն այսքան բարգաւաճ չէ դարձած Հայոց երկիրը, հակառակ աւելի տարածուն եղած ըլլալուն, եւ այսքան բարօր չէ հանդիսացած համայն հայութիւնը՝  հակառակ աւելի համախումբ եղած ըլլալուն:
Կոտորակուած է մեր երկիրը, բայց կա՛յ, կոտորակուած է մեր ժողովուրդը, բայց կայ ու կÿապրի, եւ քանի կայ ու կÿապրի՝  պատճառ չկայ, որ չհաւատանք, որ աւելի լա՛ւ պայմաններու մէջ կրնայ ապրիլ վաղը:
Լաւատեսութիւնս անոր մէջ կը կայանայ, որ մե՛նք կրնանք ստեղծել այդ պայմանները, մենք՝ հայերս, եւ ոչ ուրիշը. կրնանք՝  եթէ ուզենք, կրնանք եթէ հաւատանք, եթէ չվհատինք. ու մանաւանդ եթէ գործենք այդ ուղղութեամբ:
Որքա՜ն դիւրին է ինքն իր համար ապրիլը, հեռու ամեն ինչէ, ամեն ինչի հանդէպ յոռետես, ու այդ յոռետեսութեամբ արդարացնել մեր մեկուսացումը, ինքնամեկուսացումը:
Կամ, որքա՛ն դիւրին է ձեռքերը լուալ Հայրենիքէն, Սփի՜ւռքը պահելու շեփորը հնչեցնել, բայց աղմուկ հանելէ զատ ոչինչ ընել Սփիւռքի ալ համար:
Ա՞յս է իրատեսութիւնը:
Գէթ ոչ ի՛մ իրատեսութիւնը:
Ընդունինք, որ այսօր օժտուած ենք այնպիսի մարդուժով, որմէ կը նախանձի որեւէ պետութիւն, որեւէ հզօ՛ր պետութիւն - ոչ միայն կը նախանձի, այլեւ ամեն ճիգ կը թափէ հրապուրելու եւ ներգրաւելու  համար զայն:
Օժտուած ենք այնպիսի նիւթական միջոցներով, որ եթէ բերենք քով քովի՝  մեր հողերը դրամո՛վ ետ կրնանք բերել, թէեւ ճիշդ հակառակը պէտք է ըլլար ու  դրամական հատուցումը մե՛նք ստանայինք՝ մեր հողերո՛ւն հետ, քանի որ ահա դար մըն է, անոնց բարիքներէն օգտուիլ չենք կրնար...
Ի՞նչ կը մնայ լաւատեսութիւնս ամբողջական դարձնելու համար. կը մնայ, որ հաւաքաբա՛ր գիտակցինք այս իրողութիւններուն, հասկնանք, որ մեր հաւաքական ուժով ոչ միայն մենք մեզ կը փրկենք, այլ աշխա՛րհն ալ մեզի հետ:
Իր կեանքի ամենէն սեւ օրերուն Չարենց հաւատաց մեր այդ հրաշագործ ուժին:
Ինչո՞ւ այսօր մե՛նք նուազ հաւատք ունենանք մեր ապագային նկատմամբ, նուազ լաւատես ըլլանք -  մենք՝ իբր հայ եւ իբր դաշնակցակա՛ն:
Այլապես, եթէ չենք կրնար լաւատես ըլլալ, վա՛ր դնենք մեր զէնքերը, փակե՛նք մեր դպրոցներն ու եկեղեցիները, դադրեցնենք մեր թերթերն ու հեռատեսիլի յայտագիրները, ծախե՛նք մեր կեդրոնները, եւ երթանք մեր տուները, վարունգ ու լոլիկ աճեցնենք մեր  «բոստան»ներուն մէջ...

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
«Հորիզոն»