altԵւ­րո­պա­կան ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վը կը նշէ, որ յե­տըն­թաց ար­ձա­նագ­րո­ւած է ­Թուր­քիոյ մէջ ար­դա­րա­դա­տու­թեան, մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու, խօս­քի ու մա­մու­լի ա­զա­տու­թեան եւ շարք մը այլ մար­զե­րու մէջ:

Այս մա­սին ը­սո­ւած է Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան հա­մար անհրա­ժեշտ, ­Թուր­քիոյ կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած հիմ­նա­կան քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ Եւ­րո­պա­կան ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վի տա­րե­կան գնա­հատ­ման զե­կու­ցու­մին մէջ, որ որ­դեգ­րո­ւած է 9 ­Նո­յեմ­բե­րին:

­Զե­կու­ցու­մի ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սին եւ ­Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ նո­ւի­րո­ւած հա­տո­ւա­ծին մէջ կը նշո­ւի, որ ­Թուր­քիան Ապ­րիլ 2016ին ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած բա­խում­նե­րու ըն­թաց­քին բա­ցա­յայտ ա­ջակ­ցու­թիւն յայտ­նած է Ատր­պէյ­ճա­նին:

2009ին ստո­րագ­րո­ւած` ­Հա­յաս­տան-­Թուր­քիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րող ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն գծով կը նշո­ւի, որ ա­նոնք դեռ չեն վա­ւե­րա­ցուած:
­Զե­կու­ցու­մը կը մատ­նան­շէ նաեւ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն խիստ եւ կա­նո­նա­ւոր ար­ձա­գան­գը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցին:

­Զե­կու­ցու­մի հե­ղի­նակ­նե­րը անդ­րա­դար­ձած են նաեւ ­Պոլ­սոյ «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Հ­րանդ ­Տին­քի սպա­նու­թեան քրէա­կան գոր­ծին, ­Պոլ­սոյ հա­յոց պատ­րիար­քու­թեան կող­մէ հա­յոց լե­զո­ւի դա­սա­ւանդ­ման կազ­մա­կերպ­ման խո­չըն­դոտ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Կար­սի մէջ հա­յե­րու դէմ ա­տե­լու­թեան քա­րոզ­չու­թեան առն­չու­թեամբ «­Գորշ գայ­լեր» կազ­մա­կեր­պու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան:

­Զե­կու­ցու­մի հրա­պա­րա­կու­մէն ետք թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը բարձ­րա­գոյն մա­կար­դա­կով խիստ քննա­դա­տու­թեան են­թար­կած են զայն: ­Թուր­քիոյ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հար­ցե­րով նա­խա­րար Էօ­մեր ­Չե­լիք նոյ­նիսկ զայն ա­նո­ւա­նած է ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան եւ ա­չա­ռու: