altՈւյ­կար ­Կիւլ­թե­քին «Ա­կօս» թեր­թին մէջ կը գրէ, թէ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ զի­նեալ բա­խում­նե­րը դադ­րած են, ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի միջ­նա­բեր­դեան ­Սուր թա­ղա­մա­սի պա­շար­ման վի­ճա­կը ցարդ կը շա­րու­նա­կո­ւի:

Ան կը նշէ, որ Ս. ­Կի­րա­կոս ե­կե­ղե­ցին պե­տա­կա­նաց­նե­լու մա­սին նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի ո­րո­շու­մէն ետք, եւ հե­տե­ւե­լով ա­սո­րի ու կա­թո­ղի­կէ հա­մայնք­նե­րու ո­րո­շու­մին՝ պե­տա­կա­նաց­ման դէմ դա­տա­րան դի­մե­լու վե­րա­բե­րեալ, ­Սուրբ ­Կի­րա­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­կա­նու­թեան փաս­տա­բան Ա­լի Էլ­պէ­յօղ­լու եւս դա­տա­րան դի­մած է՝ վար­չա­պե­տու­թեան եւ քա­ղա­քա­շի­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան դէմ:

Ապ­րիլ 21 թո­ւա­կիր ա­ղեր­սա­գի­րին մէջ փաս­տա­բա­նը նշած է, որ պե­տա­կա­նաց­ման ո­րո­շու­մը կը հա­կա­սէ գոր­ծող ի­րա­ւա­բա­նու­թեան, եւ շեշ­տած է, թէ Վճ­ռա­բեկ Ա­տեա­նը ան­ցեա­լին այս տե­սակ ո­րո­շում­ներ ջնջող վճիռ­ներ ար­ձա­կած է: Էլ­պէ­յօղ­լու կ­՚ա­ռար­կէ ամ­բող­ջա­կան ո­րո­շու­մին դէմ եւ կը յի­շեց­նէ, թէ իւ­րա­քան­չիւր կա­լո­ւա­ծի հա­մար պե­տա­կա­նաց­ման պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն պէտք է ներ­կա­յա­ցո­ւի:

«­Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դին այս պե­տա­կա­նաց­ման ո­րո­շու­մը ան­տե­սած է մշա­կու­թա­յին եւ բնա­կան ինչ­քե­րու պահ­պան­ման մա­սին օ­րէն­քը»,- կ­՚ը­սէ փաս­տա­բա­նը՝ յի­շեց­նե­լով, որ ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի միջ­նա­բեր­դը նշո­ւած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Մ­շա­կոյ­թի ­Ժա­ռան­գու­թեանց ցան­կին մէջ:

Ըստ ա­նոր՝ այս ո­րո­շու­մը կը հա­կա­սէ նաեւ ­Լօ­զա­նի դաշ­նա­գի­րի բո­վան­դա­կու­թեան: «­Լօ­զա­նի դաշ­նա­գի­րը փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն կ­՚ե­րաշ­խա­ւո­րէ ա­մէն տե­սա­կի բա­րե­գոր­ծա­կան, կրօ­նա­կան եւ ըն­կե­րա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու հիմ­նադ­րու­թիւն եւ վար­չու­թիւն: Այդ հա­մա­ձայ­նա­գի­րին 42րդ ­յօ­դուա­ծով՝ ­Թուր­քիա կը խոս­տա­նայ այս հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու պահ­պա­նու­մը: Շ­տապ պե­տա­կա­նա­ցու­մով ոտ­նա­կո­խո­ւած կ­՚ըլ­լայ ­Լօ­զա­նի դա­շին­քը եւ ­Թուր­քիոյ սահ­մա­նադ­րու­թեան 90րդ ­յօ­դո­ւա­ծը»,- կ­՚ը­սէ փաս­տա­բա­նը:

­Տիգ­րա­նա­կեր­տի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը, ­Ճար­տա­րա­պետ­նե­րու գրա­սե­նեա­կը, ­Փաս­տա­բան­նե­րու կա­ճա­ռը եւ ան­հատ քա­ղա­քա­ցի­ներ եւս դատ բա­ցած են՝ կա­ռա­վա­րու­թեան շտապ պե­տա­կա­նաց­ման այդ ո­րոշ­ման ջնջու­մը պա­հան­ջե­լով: Այս դա­տե­րը հա­մա­կար­գե­լու եւ հե­տապն­դե­լու նպա­տա­կով՝ կազ­մո­ւած է «­Սուր թա­ղա­մա­սը ապ­րեց­նե­լու եւ պահ­պա­նե­լու հար­թակ»ը:

­Մինչ շրջա­նին մէջ մզկիթ մը եւ հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցին կրած են ծանր վնաս­ներ, ­Սուրբ ­Կի­րա­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ մայր տա­ճա­րը ցարդ չէ վնա­սո­ւած: