Տուտուկահար Ջիւան Գասպարեան, Օգոստոս 15ին, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէյի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ ներկայացաւ համերգով մը, որ կը կրէր «65 տարի բեմում» խորագիրը:

Սոյն համերգով տուտուկահարը ամփոփեց  իր 65ամեայ գործունէութիւնը՝ ներկայացնելով տարիներու ընթացքին հնչած իր ստեղծագործութիւններէն բաժիններ: Համերգի ընթացքին ելոյթ  ունեցան նաեւ ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտներ Արմէն Բաբախանեան, Վահագն Հայրապետեան, երգչուհի Աննա Մայիլեան, ինչպէս նաեւ վարպետին թոռը՝ կրտսեր Ջիւանը:
Ջ. Գասպարեան դիտել տուած է, որ իր 65ամեայ գործունէութեան ընթացքին թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ աշխարհի տարբեր ու հեղինակաւոր բեմերու վրայ հանդէս եկած է շուրջ 20 հազար համերգով: «Ես ինձ աշխարհի ամենաերջանիկ մարդն եմ համարում, քանի որ կարողացել եմ ամբողջ աշխարհում ներկայացնել հայկական արուեստը», նշած է վարպետը, աւելցնելով, որ երեւանեան այս համերգով, ան ոչ թէ հրաժեշտ կու տայ բեմին, այլեւ կը փափաքի որոշ ժամանակ մը հանգստանալ: Ան այդ ժամանահատուածը պիտի օգտագործէ երիտասարդ սերունդը պատրաստելով: