altՀա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ, տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պի վար­չու­թե­նէն «Ար­մէնփ­րես»ին յայտ­նած են, որ Ի­տա­լիոյ Լ՛Ա­քո­ւի­լա քա­ղա­քի քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դը 26 Նո­յեմ­բե­րին ճանչ­ցած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը:

Ի­տա­լիոյ մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տան եւ Ի­տա­լիոյ մէջ Հա­յե­րու Միու­թեան ուղ­ղո­ւած նա­մակ­նե­րուն մէջ, Լ՛Ա­քո­ւի­լա­յի քա­ղա­քա­պետ Մաս­սի­մօ Չիա­լեն­թէ յայտ­նած է, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով Լ՛Ա­քո­ւի­լա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դը կը ճանչ­նայ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ իր հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը կը յայտ­նէ հայ ժո­ղո­վուր­դին` ի հաս­տա­տումն պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան եւ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան: