Յունիս 30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելեց Աղվերանի «Կարին» ճամբարին մէջ հիւրընկալած 2011թ. «Արի տուն» ծրագրի առաջին փուլի մասնակիցներուն:
Ծրագրի մասնակիցները իրենց տպաւորութիւնները ու զգացողութիւնները արտայայտեցին, ներկայացուցին ճամբարային օրերուն սորված ազգային երգերն ու պարերը, իսկ խարոյկի շուրջ՝ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, հարցեր ուղղեցին նախարարին:


Տիկին Հ. Յակոբեանի հետ Աղվերանի «Կարին» ճամբարը այցելած էր նաեւ ՀՀ յօրինողներու միութեան նախագահ Ռոբերտ Ամիրխանեանը: Յօրինողը  շարք մը ստեղծագործութիւններ կատարեց, ծրագրի մասնակիցները մեծ ոգեւորութեամբ ձայնակցեցան իրեն, այնուհետեւ յօրինողի նուագակցութեամբ ըս-փիւռքահայ երիտասարդները կատարեցին Ռ. Ամիրխանեանի եւ հայ նշանաւոր յօրինողներու շարք մը ստեղծագործութիւններ: Երեկոն վերածուեցաւ իսկական տօնի:
«Կարին» ճամբարին ընթացքին ցուցադրուեցան  «Հայրենիք, քեզ այդպիսին եմ տեսնում» համահայկական նկարչական մրցոյթի աշխատանքները:
Նոյն օրը Աղվերանի «Կարին» ճամբար  այցելեցին նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Սփիւռքի ԶԼՄ-ի երիտասարդ լրագրողներու դպրոցի մասնակիցները: Սփիւռքահայ երիտասարդ լրագրողները եւ «Արի տուն» ծրագրի մասնակիցները ներկայացուցին Հայրենիքի մէջ ապրած օրերու տպաւորութիւնները: Երիտասարդ լրագրողները հարցազրոյցներ վարեցին արիտունցիներուն հետ: