Ա­թէն­քի մէջ կրքոտ եր­կօ­րեակ մը կը նա­խա­տե­սո­ւի, վա­ղը Ուր­բաթ եւ ­Շա­բաթ օ­րե­րուն ի­րա­կա­նա­ցո­ւող ­Թուր­քիոյ վար­չա­պետ Ահ­մետ ­Տա­ւու­թօղ­լո­ւի այ­ցե­լու­թեան, բայց նաեւ օ­րե­րէ ի վեր ըն­կե­րու­թիւ­նը տագ­նա­պեց­նող հար­ցե­րու պատ­ճա­ռով:

Յունաստանի Aegean օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց թէ յաջորդ տարիէն սկսեալ թռիչքներ պիտի կատարէ դէպի Երեւանի «Զուարթնոց» օդանաւակայանը։
Հելլէն մամուլը կը գրէ թէ Aegean բաւական մեծ թիւով նոր ուղղութիւններ պատրաստ է հաստատելու յաջորդ տարուայ մէջ, որոնց շարքին է Աթէնք¬Երեւան¬Աթէնք թռիչքը։ Երեւանի թռիչքները պիտի իրագործուին Ապրիլէն մինչեւ Օգոստոսի վերջ:

Դիւանագիտական աղբիւրները կը գնահատեն թէ Աթէնք այս նախաձեռնութեամբ կ'ուզէ մեղմացնել հարաւ-արեւելեան Եգէականի մէջ ստեղծուած սրած մթնոլորտը

Ազերի ներդրողներու անհանգստութիւն


Անցեալ Ուրբաթ օրուայ մեր թիւով լոյս ընծայած էինք յունական կազի ՏԵՍՖԱ ընկերութեան վաճառքի «սառեցման» մասին լուրը, ատրպէյճանական ՍՈՔԱՐին, ըստ Քոմիսիոնի որոշումին:

Յունական makeleio.gr կայքէջը կÿանդրադառնայ The Independent թերթի հրապարակումին, որ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ քանդման հարցը կը հրապարակէ, խստօրէն դատապարտելով արարքը:

Մանրամասնութիւններ հաղորդելով, յունական կայքէջը կը մէջբերէ լրագրողի վերլուծումը, սրբապղծումի արարքին վերաբերեալ: