Print
Category: Յուշատետր

172 տարի առաջ այս օրը՝ 3 Յունիս 1837ին, հայրենի Աշտարակ գիւղին մէջ, դերձակ Ստեփան Տէր-Առաքելեանի ընտանեկան համեստ ու չքաւոր երդիքին տակ, ծնաւ արու զաւակ մը՝ Յովհաննէս անունով, որ իր կեանքով եւ գործով մնայուն ու արժէքաւոր վաստակ մը կապեց իր ընտրած Պերճ Պռոշեան գրչանունին եւ արժանացաւ հայ գրականութեան դասական դէմքերու պատուանդանին։

Պերճ Պռոշեանի գրական ժառանգութիւնը, որ հիմնովին վիպագրական է, հարուստ չեղաւ իր ծաւալով կամ գեղարուեստական որակով։ Բայց եղաւ հարազատ ու լուսաւոր հայելին հայ գեղջուկի իրական կեանքին՝ անոր դարաւոր սովորոյթներուն ու աւանդութիւններուն, օրաւուր հացի եւ հոգեմտաւոր լոյսի համար անոր թափած քրտնաջան աշխատանքին, չարաշահումներու եւ կեղեքումներու դէմ անոր խոր ընդվզումին, օտարի տիրապետութեան դէմ անոր լուռ ծառացումին...
Եւ իր այդ արժանիքին համար, իբրեւ «հայ ժողովրդային կեանքի երգիչը», Յովհաննէս Տէր-Առաքելեան դարձաւ Պերճ Պռոշեան ու իր ակօսը բացաւ արդի հայ գրականութեան անդաստանին մէջ։
Իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը Պռոշեան անցուց իր ծննդավայրի Տէր-Թոդիկեան վարժատուներուն մէջ, շատ ծանր տարաւ ծեծով եւ խստակեացութեամբ ուսում ջամբելու ատենի կղերական մօտեցումները, բայց բախտը ունեցաւ ուսուցիչ ունենալու նաեւ լուսամիտ հոգեւորականներ, որոնց օրինակը իր կեանքի հետագայ ընթացքը առաջնորդող տիպարի վերածեց։ Պռոշեանի կազմաւորման վրայ հիմնական անդրադարձ ունեցաւ յատկապէս Խաչատուր Աբովեանի Աշտարակ այցելութիւնը իբրեւ կրթական քննիչ։ Տէր-Թոդիկեան մեթոտներուն դէմ Աբովեանի քարոզած ազատ մանկավարժութեան սկզբունքները, ինչպէս նաեւ սեփական ժողովուրդին ամէնէն պարզ եւ իրա՛ւ խաւին՝ գեղջուկին բացուելու եւ անոր վէրքերուն ու երազներուն երգիչը դառնալու Աբովեանի գրական հանգանակը առաջնորդող արժէքներ դարձան Պռոշեանի համար։
Աւարտելով Աշտարակի ծխական վարժարանը եւ արժանանալով Ներսէս Աշտարակեցի Կաթողիկոսի ուշադրութեան, 1849ին, Պռոշեան իբրեւ անվճար ուսանող ընդունուեցաւ Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանը, որմէ փայլուն յաջողութեամբ շրջանաւարտ եղաւ 1853ին։ Թէեւ Պռոշեան չընդառաջեց կուսակրօն միաբան դառնալու Կաթողիկոսի յորդորներուն, այսուհանդերձ՝ ուսուցչութիւնը ընտրեց իբրեւ կեանքի ասպարէզ եւ աւելի քան կէս դար մանկավարժական գործունէութիւն ծաւալեց իր ծննդավայր Աշտարակի, Թիֆլիսի, Շուշիի, Աստրախանի եւ կովկասահայ այլ ոստաններու մէջ։
Նորահաս սերունդին առջեւ լոյսի ճանապարհը բացող մանկավարժ մը եղաւ Պռոշեան։ Խաւարամտութեան դէմ անհաշտ պայքար մղեց՝ Հայ եկեղեցւոյ եւ հաւատաւոր հայ հոգեւորականի արժէքին ու առաքելութեան միշտ պահապան եւ հաւատարիմ հետեւող մնալով հանդերձ։ Մէկ կողմէ ազատ մանկավարժութեան տարածման իր նպաստը բերաւ, իսկ միւս կողմէ հայ կնոջ իրաւունքներու առաջին պաշտպաններէն հանդիսացաւ՝ իր ծառայութեան տար- բեր կեդրոններուն մէջ աղջկանց վարժարաններու բացման դրօշակիր դառնալով։
Ուսուցչական ասպարէզը մեծապէս օգնեց Պռոշեանի, որ ամէնուր մօտէն ծանօթանայ հայ ժողովուրդի պարզ ու համեստ խաւին, անոր սովորոյթներուն եւ աւանդութեանց, ցաւերուն եւ տենչերուն։ Այդ ամէնը ներշնչման աղբիւր դարձան երիտասարդ մտաւորականին համար, որպէսզի ուսուցչութեան կողքին նուիրումով փարի գրական ստեղծագործութեան։ Հազիւ 23 տարեկան էր Պռոշեան, երբ լոյս ընծայեց իր առաջին վէպը՝ «Սօս եւ Վարդիթեր»ը, որ անմիջապէս ուշադրութիւնը գրաւեց ատենի յառաջադէմ հայ գրողներուն, ինչպէս օրինակ Միքայէլ Նալբանդեանի, որ բանտային իր խուցէն խրախուսական տողեր նուիրեց Պռոշեանին։
Պռոշեան աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ, նաեւ, Թիֆլիսի մէջ ուսուցչական իր պաշտօնավարութեան շրջանին, արեւելահայոց թատրոնի հիմնադրութեան եւ ծաղկումին՝ իր կարգին թատրերգութեան սեռը փորձելով եւ «Աղասի» ու «Բամպակ առնողը» գործերը հրատարակելով։
Պռոշեան արագ եւ առատ արտադրող մը չեղաւ, որովհետեւ օրապահիկի ապահովման համար, ուսուցչութեան եւ մամուլի աշխատակցութեան կողքին, պարտաւորուեցաւ նաեւ ազատ ասպարէզի մէջ գործերու ձեռնարկել. երկար ժամանակ լուսանկարչութեամբ պարապեցաւ։ 1878ին լոյս ընծայեց իր երկրորդ վէպը՝ «Կռուածաղիկը», որուն 1880ին հետեւեցաւ «Հացի համար» վէպը, որ իր տեսակին մէջ հանդիսացաւ Պռոշեանի ընկերային աշխարհայեացքն ու հանգանակը լաւագոյնս խտացնող երկը։ Պռոշեանի վիպագրութեան միւս երեք գործերը՝ «Սկիզբ երկանց»ը, «Ցեցեր»ը եւ «Յունօ»ն լոյս տեսան յաջորդաբար 1889ին, 1892ին եւ 1900ին։
Պռոշեանի բոլոր գործերուն մէջ ալ ծննդավայր Աշտարակը, իր բարբառով թէ բարքերով, հասարակական իր շաղախով թէ ազգային խնդիրներով, ներշնչման գլխաւոր աղբիւրը դարձաւ անոր ստեղծագործական տարերքին։ Ինչ որ պակսեցաւ Պռոշեանին իբրեւ վէպի կառուցման, տիպարներու ստեղծման եւ շարժուն կեանքի գեղարուեստական մշակում, ան փոխարինեց հայ ժողովրդային կեանքի հարազատ նկարագրութեան եւ վերծանման հարուստ եւ վարար հոսքով։
Թէեւ ժամանակին Լէոյի տարողութեամբ հեղինակութիւններ քննադատեցին գեղարուեստական մշակման ճա- կատին վրայ Պռոշեանի թերութիւնները, բայց ժամանակի թաւալումին եւ հայ ժողովրդային կեանքի փոփոխութեան հետ, 19րդ դարու երկրորդ կիսու արեւելահայ գաւառի հարազատ պատկերացումը մեծ չափով մենք կը պարտինք Պռոշեանի։
Երբ ամէնուր արեւելահայ մտաւորականութիւնը բուռն պայքար կը մղէր յանուն աշխարհաբարի որդեգրումին, Պռոշեան գրական մշակումի արժանացուց Աշտարակի հայոց բարբառը եւ անոր մէջ գտաւ ժողովուրդին համար հասկնալի արեւելահայերէնը։
Երբ 1860ականներուն ազատութեան ու արդարութեան եւրոպական գաղափարները կþալեկոծէին ողջ ցարական կայսրութիւնը, այդ ճամբով նաեւ կովկասահայութեան կեանքը, Պռոշեան փարեցաւ «հայ ժողովրդային կեանքի երգիչը» դառնալու իր կոչումին եւ ամբողջ կեանք մը շնչաւորեց ու իմաստաւորեց այդ առաքելութեամբ։
Եօթանասուն տարեկան էր Պերճ Պռոշեան, երբ Պաքու այցելութեան մը ընթացքին անակնկալ հիւանդութիւնը հարուածեց զինք։
1907ին իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայրենի գիւղին ու հայ գիւղացիին համով ու հոտով կեանքը ստեղծագործական ներշնչման յորդ աղբիւրի վերածած արեւելահայ արձակի եւ վիպագրութեան դասական այս ռահվիրան։
Պերճ Պռոշեանի ժառանգութեամբ հաղորդուե- լու համար, ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնենք պերճախօս պատառիկ մը անոր «Մեծ Նանը» խորագրով գործէն, որ նուիրուած է հայ կնոջ եւ յատկապէս մեծ մօր կերպարին ու արժէքին՝ հայոց նահապետական աւանդութեանց մէջ.-
«Թէպէտ մեզանում կինը առհասարակ տղամարդուց չխօսկան է, բայց մեծ նանը, երբ որ յիսուն տարին անցկացրեց, սպիտակ քնթկալի փոխանակ մի սեւ աղլուխ կապեց, որ այրիութեան նշանն է, նա այնուհետեւ չխօսկան կը մնայ միայն իր կնքաւորի մօտ. բացի քաւորից՝ ամէնքը նրա եղբայրներն ու որդիներն են։ Գիւղի միջովն անց կենալիս, երիտասարդ տղամարդիկը նրա առաջին ոտքի կը կանգնեն եւ համեստութեամբ կը պատասխանեն մեծ նանի բարեւին ու պարկեշտօրէն կը ծիծաղին ոեծ նանի սրախօսութիւններին։
«Իսկ ջահել կանայք ու աղջկերք տանն էլ, քուչումն էլ պարտական են մեծ նանի ձեռքը պաչելու, թէկուզ կուժն ուսին էլ լինի, ջահելը պէտք է մօտենայ մեծ նանին, գլուխ տայ ու այնպէս անց կենայ։
«- Քո տրէն ապրի՛, քո ախպէրն ապրի՛, բարով քեզ նշանենք, բարով կարմիրդ կապենք,- անխնայ բաժանում է մեծ նանը իր օրհնութիւնը բոլոր իր ձեռքը պաչողներին»։


Ն.